Արաբական քանի մը երկիրներ ողջունած են Հայաստանի` Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալու որոշումը։
Յայտնած ենք, որ յունիս 21–ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճանչցաւ Պաղեստինի պետութիւնը։ Յայտարարութեան մէջ նշուած էր, որ Հայաստանը շահագրգռուած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատմամբ, հրեայ եւ պաղեստինցի ժողովուրդներու միջեւ տեւական հաշտութեան կայացմամբ:
ՀՀ ԱԳՆ-էն յայտնած են, որ Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան փոխվարչապետ, արտաքին գործերու եւ սփիւռքի նախարար Այման ալ Սաֆատի նախաձեռնութեամբ հեռախօսազրոյց տեղի ունեցած է ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատի Միրզոյեանի հետ, որու ընթացքին Սաֆատը ողջունած է Հայաստանի` Պաղեստինի պետութեան ճանաչման որոշումը։
Համապատասխան յայտարարութեամբ հանդէս եկած է նաեւՍէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։ Ընդգծուած է, որ նման որոշումը կարեւոր քայլ է, որ կ՚աջակցի Արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով անկախ պաղեստինեան պետութեան ստեղծման ճանապարհին։
Եգիպտոսի ԱԳՆ-ն եւս ողջունած է Հայաստանի Հանրապետութեան որոշումը` համարելով, որ պետութեան ճանաչումը կարեւոր քայլ է, որ կ՚աջակցի պաղեստինցի ժողովուրդի՝ իսրայէլեան բռնատիրութեան վերջ դնելու եւ անկախ պետութեան ստեղծման իրաւունքի օրինականութեան։
Լիբանանիր հերթին յայտարարած է, որ Հայաստանի դիրքորոշումը կ՚արտացոլէ Հայաստանի հաւատարմութիւնը ժողովուրդներու՝ իրենց ճակատագիրը որոշելու իրաւունքի սկզբունքներուն։
Քաթարի Պետութիւնը եւս կարեւոր քայլ որակած է Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը: Նշուած է, որ այդ որոշումը կը նպաստէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման։
Օմանի ԱԳՆ-ն կոչ ըրած է միջազգային հանրութեան հետեւելու Հայաստանի օրինակին՝ Պաղեստինի ժողովուրդի՝ սեփական անկախ պետութիւն ստեղծելու իրաւունքները պաշտպանելու համար։
Նմանատիպ յայտարարութիւն ըրած է նաեւ Քուէյթի ԱԳՆ-ն։
Նշենք, որ այս տարի Պաղեստինը ճանչցած են նաեւ Սլովենիան, Իռլանտան, Սպանիան եւ Նորվեկիան։