image

ԱՄՆ կը փակէ ռուսական վիզաներու կեդրոնը

ԱՄՆ կը փակէ ռուսական վիզաներու կեդրոնը

ԱՄՆ-ն ռուս դիւանագէտներուն ծանուցած է վիզային կեդրոնը փակելու ծրագրերու մասին։ Այս մասին ըսած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անատոլի Անթոնովը։ 

Անթոնովի խօսքով՝ հիւպատոսական ծառայութիւններու տրամադրումը պիտի շարունակուի։ Բացի այդ, ռուս դիւանագէտները զրկած են նաեւ հարկային արտօնութիւնները։

«Ամերիկացիները մեզի ծանուցում ուղարկած են, որ վիզաներու կեդրոնը պիտի փակուի։ Եւ հիմա լրացուցիչ բեռ պիտի իյնայ ռուս դիւանագէտներու եւ հիւպատոսներու ուսերուն»,- լրագրողներուն ըսած է Անթոնովը: 

Ան նշած է, որ դիւանագէտները պիտի շարունակեն աշխատիլ եւ բոլոր ջանքերը պիտի ներդնեն տեղի ռուսերուն իրաւական եւ հիւպատոսական աջակցութիւն ցուցաբերելու համար։

Դեսպանի խօսքով՝ հանուած է նաեւ դիւանագէտներու յարկերից ազատման քարտերը, որ անոնց կու տար արտօնութիւններ որեւէ երկրի մէջ՝ թոյլ տալով ապրիլ եւ հարկեր չվճարել։