Թուրքիան նախազգուշացուցած է, որ պատրաստ է պատասխանելու որեւէ թշնամական գործողութեան եւ պիտի շարունակէ խորհրդակցութիւնները Հիւսիսաթլանթեան դաշինքին հետ՝ իր սահմաններուն մօտ իրանական հրթիռի խոցման դէպքէն ետք։
«Մեր տարածքի եւ օդային տարածքի պաշտպանութեան համար բոլոր անհրաժեշտ քայլերը պիտի ձեռնարկուին առանց վարանելու։ Որեւէ թշնամական գործողութիւն պիտի ստանայ համապատասխան արձագանգ՝ միջազգային իրաւունքի ծիրէն ներս։ Խորհրդակցութիւններն ու համագործակցութիւնը ՆԱԹՕ-ի եւ մեր դաշնակիցներու հետ պիտի շարունակուին այս ամբողջ գործընթացի ընթացքին»,– յայտարարած է Թուրքիայի նախագահի աշխատակազմի հանրային կապերու վարչութեան պետ Պուրհանէթթին Տուրանը։
Ան աւելցուցած է, որ Թուրքիոյ բոլոր պատասխանատու գերատեսչութիւններն ու կառոյցները իրական ժամանակի դրութեամբ եւ լիարժէք համակարգմամբ հետեւած են հրթիռի թռիչքին եւ խոցման գործընթացին։
«Մենք կրկին կը նախազգուշացնենք բոլոր կողմերը ձեռնպահ մնալու այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կրնան յանգեցնել տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան սրացման եւ հակամարտութեան տարածման։ Չափազանց կարեւոր է, որ կողմերը գործեն պատասխանատու կերպով»,– նշած է Տուրանը։