image

Լիբանանի մէջ միջնակարգ կրթութեան (Պրովէ) վկայականը պիտի վերցուի՞

Լիբանանի մէջ միջնակարգ կրթութեան (Պրովէ) վկայականը պիտի վերցուի՞

Լիբանանի մէջ երկրորդական բաժնի պետական դպրոցներու ուսուցիչներու համախմբումը յայտարարութիւն մը հրապարակած է, կտրականապէս մերժելով միջնակարգի քննութիւններու վերացման գաղափարը, շեշտելով, որ այն միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու միջեւ կապող օղակ է, եւ անոր վերացումը հարուած պիտի հասցնէ պետական դպրոցներուն, ի շահ սեփական դպրոցներու:

«Lebanon 24» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է, որ ըստ տարածուած տեղեկութիւններու, խորհրդարանի որոշ անդամներ կոչ ուղղած են վերացնել միջնակարգ կրթութեան վկայականը, որ իր արձագանգը գտնելով նախարարներու խորհորդին մօտ, ընդգրկուած է վերջիններուս կողմէ գումարուելիք նիստի օրակարգին մէջ: Այս առթիւ ուսուցիչներու համախմբումը դիմած է Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Մարուան Համատային, պահանջելով ընթացք չտալ նման որոշման քննարկման: