image

Լիբանանի մէջ. Հայահոծ Պուրճ Համուտի շրջանի քաղաքապետարանը պատնէշի վրայ (Լուսանկարներ)

Լիբանանի մէջ. Հայահոծ Պուրճ Համուտի  շրջանի  քաղաքապետարանը  պատնէշի վրայ (Լուսանկարներ)

Մեր ընթերցողներուն արժէ անգամ մը եւս յիշեցնել, որ Լիբանանի մէջ ստեղծուած տնտեսական ամենաբարդ պայմանները իրենց ծանր շուքը կը նետեն նաեւ հայկական թաղամասերուն վրայ, որոնց ամէնէն առանցքայինը բնականաբար Պուրճ Համուտ շրջանն է ու այդ առումով քաղաքապետ Տիար Մարտիկ Պօղոսեան  իր աշխատնքային եւ երիտասարդ քատրերով հարուստ խումբին հետ, կարեւորագոյն ճիգեր կը շարունակէ գործադրել պահպանելու համար Պուրճ Համուտի հայկական դիմագիծը։

Լիբանանի հայահոծ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը ծրագիրներով միշտ ալ եղած է մեր ուշադրութեան կիզակէտին։ Օրերս քաղաքապետարանը ստացած է օժանդակութիւն գերմանական KFW դրամատունէն, որ կը նպաստէ ողջ աշխարհով բարգաւաճումի եւ զարգացումի ձգտող ծրագիրներուն: 

Այս մասին «Արեւելք» տեղակացաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի պաշտօնական դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է.-

«Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը ՄԱԿ-ի Ծրագիրներու աջակցութեան գրասենեակի (United Nations Office for Project Services- UNOPS) միջոցով ստացաւ նուիրատուութիւն գերմանական զարգացման դրամատունէն KFW: Նուէրը բաղկացած է համակարգիչներէ, պատճենահանող եւ տպագրական մեքենաներէ, ինչպէս նաեւ այլ տեսակի սարքերէ:

Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան ստացաւ նուիրատուութիւնը ծրագիրի կառավարման խորհրդատու Նապիլ Պազզիէն եւ ծրագիրի ղեկավար Օտտա Քնիպէն, անոնց կ'ուղեկցէր դիտարկման եւ քննչական խորհրդատու Ֆարահ Սըպայթի։

Տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են համագործակցութեան մշակելի տարբեր նախաձեռնութիւններ:» 