image

Լիբանանի մէջ 1 օրուան մէջ է զոհուած է 45 մարդ. «Հըզպալլա»-ն կրկին հրթիռակոծած է Իսրայէլի տարածքը

Լիբանանի մէջ 1 օրուան մէջ է զոհուած է 45 մարդ. «Հըզպալլա»-ն կրկին հրթիռակոծած է Իսրայէլի տարածքը

Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ մէկ օրուան ընթացքին ամբողջ երկրի տարածքին մէջ Իսրայէլի յարձակումներու հետեւանքով զոհուած է 45 եւ վիրաւորուած 179 մարդ, յայտնած է Аl Jazeera-ն։

Ընդհանուր առմամբ, Լիբանանի մէջ զոհուածներու թիւը հասած է 2,412-ի, վիրաւորներինը՝ 11,267-ի. այս ամէնը տեղի կ՚ունենայ լիբանանեան «Հըզպալլա» շիական շարժման եւ Իսրայէլի միջեւ շարունակուող մարտերու հետեւանքով:

Մինչդեռ Times of Israel-ը յայտնած է, որ Լիբանանի տարածքէն 15 հրթիռ արձակուած է հիւսիսային Իսրայէլի ուղղութեամբ: Հրթիռներէն մի քանին որսացած են ՀՕՊ համակարգերը, մի քանին ինկած են Իսրայէլի տարածքին մէջ։ Հրթիռակոծութեան հետեւանքով տուժածներու կամ աւերածութիւններու մասին տեղեկութիւններ չկան։

Նախօրէին Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Քացը յայտարարած է, որ Լիբանանի հարաւի մէջ իր երկրի ներխուժմամբ սկսած ռազմական գործողութիւնը, որու թիրախը լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժումն է, պիտի տեւէ եւս  քանի մը շաբաթ:

Սեպտեմբեր 23-ին Իսրայէլը յայտարարած է Լիբանանի մէջ «Հիւսիսի նետեր» գործողութեան մեկնարկի մասին։ Հոկտեմբեր 1-ին Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յարձակողական գործողութիւն սկսած է երկրի հարաւը։ Գործողութեան նպատակն է վերացնել «Հըզպալլա»-ի սպառնալիքը՝ 60,000 տարհանուած իսրայէլցիները հիւսիսի սահմանային բնակավայրեր անվտանգ վերադարձնելու համար։