image

Լիբանանեան «Զ. Մուքահալ հիմնարկ»ի աջակցութիւնը Մեսրոպեան վարժարանին. Կրթանպաստ 250 աշակերտի

Լիբանանեան  «Զ. Մուքահալ հիմնարկ»ի  աջակցութիւնը Մեսրոպեան  վարժարանին. Կրթանպաստ  250  աշակերտի

«Զ. Մուքահալ հիմնարկ»ի եւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ 2016-էն ի վեր գործող «RAFIQ» կրթական աջակցութեան ծրագիրի հիմնադիր պարոն Ուիսամ Մուքահալ վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը Մեսրոպեան վարժարանին հանդէպ եւ յայտարարեց, որ պիտի շարունակէ աջակցիլ վարժարանին՝ ընթացիկ տարեշրջանին համար կրթանպաստ տրամադրելով միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու 250 աշակերտներու։

Պարոն Մուքահալ յայտնեց, որ աջակցութեան շարունակութիւնը կ՛արտայայտէ իր խոր գնահատանքը՝ հանդէպ Մեսրոպեանին եւ անոր կրթական ծառայութիւններուն։

Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութիւնը իր աշակերտներուն հետ միասին խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ յարգարժան բարերարին, այնքան անհրաժեշտ այս օգնութեան համար:

Տնօրէնութիւնը կը հաստատէ, որ այս աջակցութիւնը պիտի օգնէ Մեսրոպեանին հետամուտ մնալու իր կրթական առաքելութեան ներկայ դժուարին ժամանակներուն եւ շարունակելու առաջարկել լաւագոյն ծառայութիւնները կրթութեան մէջ: