image

Լիբանանեան խորհրդարանի բոլոր 6 հայ երեսփոխանները շատ մեծ հաւանականութեամբ Աունի ի նպաստ պիտի քուէարկեն. Սեպուհ Գալփաքեան

Լիբանանեան խորհրդարանի բոլոր 6 հայ երեսփոխանները շատ մեծ հաւանականութեամբ Աունի  ի նպաստ պիտի քուէարկեն. Սեպուհ Գալփաքեան

«Մենք պիտի քուէարկենք Զօր. Միշէլ Աունին»,-«Արեւելք»ին հաստատեց Լիբանանի խորհրդարանի անդամ՝ Սեպուհ Գալփաքեան: Հնչակեան պատասխանատուն նաեւ ըսաւ, որ իրենք Աունին պիտի քուէարկեն, հակառակ, իր անձին շուրջ  ունեցած բոլոր վերապահութիւններուն: Գալփաքեան, որ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան փոխատենապետն է,   ըսաւ. «Մեր որոշումը կախեալ էր 2 տուեալներէ: Առաջինը՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմնի եզրակացութիւնը եւ 2-րդը՝ մեր դաշնակիցի որոշումը, որ «Ալ Մութաքպալ» հոսանքն է, ղեկավարութեամբ՝ Սաատ Հարիրիին: Բարեբախտաբար, նոյնանման եզրակացութիւններ էին»:

Մեր խօսակիցը, բացատրելով երկրի ընդհանուր իրադրութիւնը եւ նախագահ ընտրելու կարեւորութիւնը ըսաւ. «Մենք այս որոշումին յանգեցանք, որովհետեւ երկրի վիճակը կայուն չէ, նախագահական աթոռը կարելի չէ թափուր պահել այսքան երկար: Երկրի տնտեսութիւնը եւ ընդհանրապէս պետական կառոյցները փլուզման եզրին հասած են, եւ այլեւս կարելի չէր սպասել: Այս մտահոգութիւններէն մեկնած է, որ հասանք այս եզրակացութեան: Հոս կը բաժնենք Սաատ Հարիրիի խիզախ որոշումը, որ անգամ մը եւս եկաւ ապացուցելու, որ իր մտահոգութիւնը Լիբանանն է: Եթէ իր անձնական շահերուն մասին մտածէր, այս որոշումը իր ժողովրդականութիւնը նուազեցնող քայլ մը կը նկատուէր, բայց ան անտեսելով այդ իրողութիւնը,նախընտրեց երկրի անդորրութիւնը:

Աունի նախագահ ընտրուելու նկատմամբ երեսփոխանը ունի կարգ մը մտահոգութիւններ, ան ըսաւ. «Քանի մը գլխաւոր հարցեր կային, որ ամէնէն շատ մեզ կը մտահոգէին: Մէկը այն էր որ պէտք էր հաստատել, թէ Միշէլ Աուն, Լիբանանի համար այդքան կենսական Թաէֆի համաձայնագրին վերաբերեալ ի՞նչ կեցուածք ունի, որովհետեւ ինչպէս գիտենք, տարիներ առաջ, ան դէմ էր Թաէֆի համաձայնութեան ստորագրման: Այսօր, բանակցութիւններու ընթացքին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջոցաւ իրազէկ դարձանք, որ Աուն 100 տոկոս իր կեցուածքը փոխած է եւ Թաէֆի համաձայնագիրը կը ճանչնայ եւ պիտի փորձէ անոր կէտերը իրագործել: Երկրորդ մտահոգութիւնը Լիբանանը շրջանային հարցերէն զերծ պահելու պարագան էր: Այս հարցը մեզի համար շատ կարեւոր էր, որպէսզի պահուի երկրի չէզոքութիւնը: Կրակը մեր չորս դին է, եթէ փորձենք մխրճուիլ՝ պատուհաս պիտի ըլլայ Լիբանանի համար: Այս կէտերուն մէջ եւս որոշ համաձայնութիւն կայ, որ Լիբանանը պէտք է պահել նոյն կարգավիճակով եւ հեռու մնալ շրջանային խնդիրներէն:

Այս բոլորը վերջաւորութեան կու գան հասցնելու հոն, որ «14 Մարտ»ի ճակատի գաղափարները եւ լոզունքը ՝ «Դէպի պետականութիւն եւ պետութեան ուժեղացում» վերածուին գործնական քայլերու: Աունի կողմէ վերոյիշեալ հարցերուն վստահութիւն տրուած ըլլալու համգամանքէն մեկնած, Երկուշաբթի 31 Հոկտեմբերին ներկայ պիտի գտնուինք խորհրդարան եւ պիտի քուէարկենք Զօր. Միշէլ Աունին:

Կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն Զօր. Միշէլ Աունին հետ նաեւ կը մրցակցի «Ալ Մարատա» հոսանքի ղեկավար երեսփոխան Սլէյման Ֆրանժիէ, որ ըստ երեւոյթին, որոշ քաղաքական ուժեր, մանաւանդ խորհրդարանի նախագահը հակամէտ են ի նպաստ իրեն քուէարկելու»:

Պատասխանելով «Արեւելք»ի այն հարցին, թէ արդեօ՞ք երկուշաբթի օրուան կայանալիք ընտրութիւնը հեզասահ պիտի ընթանա՞յ, Գալփաքեան պատասխանեց ՝ «Վերջին հաշուով, ժողովրդավար երկիր ենք, եւ երեսփոխանները ընտրելու ազատութիւն ունին: Սակայն, ընդհանուր հայեացք մը նետելով, կը տեսնենք, որ Աունի ընտրութիւնը հեզասահ պիտի ընթանայ, որովհետեւ խորհրդարանի երեսփոխանական մեծ միաւորումները կը զօրակցին անոր, սկսեալ «Ալ Մուսթաքպալ»-ի պլոքէն մինչեւ «Լիբանանեան ուժեր»ու, Ազգային ազատ հոսանք»ի, ինչպէս նաեւ՝ «Հըզպալլա»ի գլխաւորած «Հաւատարմութիւն դիմադրութեան» պլոքները,  յօգուտ Աունին պիտի քուէարկեն: Տեղեկացանք նաեւ, որ Ժոմպլաթի կուսակցական երեսփոխանները եւս պիտի քուէարկեն ի նպաստ Աունին, իսկ անոնք որոնք կուսակցական չեն, անոնց ընտրութեան ազատութիւն պիտի տրուի»:

Ան աւելցուց, «Պարզ թուաբանական հաշիւ մը կատարելով, կը տեսնենք որ 70-էն աւելի ձայներ, արդէն իսկ ապահովուած են: 70 թիւը նուազագոյնն է, բայց նախատեսութիւններ կան, որ Աունին ի նպաստ քուէարկողներուն թիւը հասնի մինչեւ 80-էն 85-ի: Ֆրանժիէին ալ իրաւունքն է, որպէս թեկնածու շարունակել իր արշաւը: Ան վստահաբար կրնայ ձայներ ստանալ, բայց նաեւ կայ այն վարկածը, որ վերջին վայրկեանին փոփոխութիւններ ըլլան եւ յետս կոչէ իր թեկնածութիւնը: Իսկ խորհրդարանի նախագահ՝ Նէպիհ Պըրրիի պարագային, ան յստակ յայտարարեց, որ ինքը ընդդիմադիր պիտի ըլլայ եւ համաձայն չէ Աունին,սակայն միշտ շեշտելով որ պիտի չխափանէ խորհրդարանի մեծամասնութեան գոյացումը: Երեսփոխաններուն իրաւունքն է ազատ քուէարկել, նոյնիսկ եթէ Մուսթաքպալի անդամ են: Ոչ ոք կրնայ ստիպել, որ անոնք իրենց ղեկավարին որոշումին ենթարկուին: Շուրջ 6-էն 7 երեսփոխաններ կը մերժեն Աունի թեկնածութեան զօրակցութիւնը: Իրենց ազատ իրաւունքն է , սակայն մեր կարծիքով, ի նպաստ Աունին իւրաքանչիւր քուէ, որ պիտի նուազի «Մուսթաքպալ» պլոքէն, Սաատ Հարիրիին համար տկարացման կէտ մը պիտի արձանագրուի: Հետեւաբար, այս մէկը անտեղի կը գտնեմ եւ այդ երեսփոխանները պէտք է երկրորդ անգամ մտածեն իրենց առնելիք որոշումի մասին»,-մատնանշեց երեսփոխանը:

Խօսելով լիբանանեան խորհրդարանին մէջ հայ երեսփոխաններու դերակատարութեան եւ որդեգրելիք կեցուածքին մասին, Գալփաքեան անոնց հաւանական դիրքորոշման մասին բացայայտեց, «Ի հարկէ, այն հայ գործընկերները, որ «Մուսթաքպալ»ի պլոքին անդամ են, ինչպէս Սերժ Թուրսարգիսեանը, որ նաեւ Հնչակեան կուսակցութեան երկրորդ երեսփոխանն է, ինչպէս նաեւ՝ Ժան Օղասապեանը,  պիտի քուարկեն Զօր. Աունին: Մնացեալ հայ երեք երեսփոխաններէն երկուքը արդէն Աունի պլոքին մաս կը կազմեն, իսկ երրորդը, որ Շանթ Չինչինեանն է, «Լիբանանեան ուժեր»ու պլոքին անդամ է եւ իրենք եւս զօրակցող են Աունին: Հետեւաբար վեց հայ երեսփոխանները շատ մեծ հաւանականութեամբ ի նպաստ Աունին պիտի քուէարկեն»:

Թէ, ինչ մարտահրաւէրներ կը սպասեն նորընտիր նախագահին, երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեան ըսաւ. «Նորընտիր նախագահին վրայ արդէն այնքան ծանր պարտաւորութիւններ ու պարտականութիւններ կան, որոնց թուարկելը կրնայ շատ երկար տեւել: Գլխաւոր պարտականութիւնը, որ կ′ակնկալենք եւ պէտք է որ անմիջապէս տեղի ունենայ՝ վարչապետի նշանակումը եւ կառավարութեան անյապաղ կազմութեան խնդիրն է: Կայ նաեւ 1.5 միլիոն սուրիացի գաղթականներու ներկայութիւնը, որ բաւական մեծ մտահոգութիւն է մեր երկրին համար: Կը յուսանք, որ նոր նախագահը վարչապետին հետ միասնաբար կարողանան լուծել երկրին առջեւ ծառացած բոլոր խնդիրները»:

Գալփաքեան,    անդրադառնալով Աուն-Հարիրի եղած համաձայնութեան,  ըսաւ. «Կը խօսուի, թէ Աուն-Հարիրի համաձայնութեամբ՝ Հարիրի վարչապետ պիտի վերադառնայ: Այս խօսքը անընդունելի է, որովհետեւ Սաատ Հարիրի վարչապետ նշանակուելու հարցը կապ ունի խորհրդարանին մէջ իրեն զօրակցողներուն, որոնց թիւը կը կազմէ մեծամասնութիւն: Հետեւաբար պէտք չունի Աունի հետ որեւէ նախօրօք կատարուած համաձայնութեան: Սաատ Հարիրի կը մնայ կարեւորագոյն ղեկավարներէն մին, ոչ թէ նեղ-համայնքային իմաստով, այլ համալիբանանեան մասշտաբով: Բոլոր այն խօսքերն ու ցեխարձակումները, որոնք անցնող տարիներուն փորձեցին նսեմացնել,  չյաջողեցան վնասել անոր ունեցած վարկին ու ժողովրդականութեան:

Խօսելով յետ նախագահական ընտրութեան հանգրուանին մասին Գալփաքեան ըսաւ. «Արդեօ՞ք Սաատ Հարիրիի վարչապետ նշանակուելէն ետք կառավարութեան կազմութիւնը հեզասահ պիտի ընթանայ: Այս հարցական է մեր մտքին մէջ, որովհետեւ այժմէն կը խօսուի, թէ անոնք, որոնք Հարիրիի վարչապետ նշանակութեամբ խանդավառ չեն, այդ հանգրուանին իրենք զիրենք պիտի դրսեւորեն եւ պիտի փորձեն դժուարացնել կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը»,-եզրափակեց լիբանանահայ երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեան: