image

Լիբանանահայ Վինսընթ Շէմմէսեանի պատրաստած բաժակը՝ Քաթարի Grand Prix-ին

  Լիբանանահայ Վինսընթ Շէմմէսեանի պատրաստած բաժակը՝ Քաթարի Grand Prix-ին

 Լիբանանահայ ձուլագործ Վինսընթ Շէմմէսեանի պատրաստած բաժակը  տրուած է, Քաթարի այս տարուայ  Formula One Grand Prix-ի մրցում  գլխաւոր  ախոյեանին։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցէն։

Կը նշուի, որ  մաքուր արծաթէ պատրաստուած, գեղակերտ եւ արդիական ճաշակով կերտուած բաժակը մեր հայրենակիցը կերտած է ընդամէնը տաս օրուան ընթացքին արժանանալով Քաթարի մեծ մրցումը կազմակերպիչներու բարձր գնահատանքին։

 

Երկար տարիներով ձուլագործութեան արհեստով առաջացած Վինսընթ Շէմմէսեանի անունը նաեւ քաջ յայտնի է լիբանանահայութեան շրջանակներուն մէջ։

 

 Յաջողութիւն մեր հայրենակիցին։