Լիբանանահայ ձուլագործ Վինսընթ Շէմմէսեանի պատրաստած բաժակը տրուած է, Քաթարի այս տարուայ Formula One Grand Prix-ի մրցում գլխաւոր ախոյեանին։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցէն։
Կը նշուի, որ մաքուր արծաթէ պատրաստուած, գեղակերտ եւ արդիական ճաշակով կերտուած բաժակը մեր հայրենակիցը կերտած է ընդամէնը տաս օրուան ընթացքին արժանանալով Քաթարի մեծ մրցումը կազմակերպիչներու բարձր գնահատանքին։
Երկար տարիներով ձուլագործութեան արհեստով առաջացած Վինսընթ Շէմմէսեանի անունը նաեւ քաջ յայտնի է լիբանանահայութեան շրջանակներուն մէջ։