7 սեպտեմբերին ՀՀ Սահմանադրական դատարանի նախագահ Արման Դիլանեանի հրաւէրով պաշտօնական այցով Երեւան ժամանած է Իրաքի Հանրապետութեան Դաշնային գերագոյն դատարանի նախագահ Ճասիմ Մոհամմատ Ապուտի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
ՍԴ-էն յայտնած են, որ այցի ընթացքին կը նախատեսուի Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրաքի Հանրապետութեան Բարձր դատարաններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ աշխատաժողով, որու աւարտին պիտի ստորագրուի «ՀՀ Սահմանադրական դատարանի եւ ԻՀ Դաշնային գերագոյն դատարանի միջեւ համագործակցութեան մասին» յուշագիր։
Իրաքի գերագոյն դաշնային դատարանի պատուիրակութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ ՀՀ շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ։