image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանան. Թրիփոլի քաղաքին մէջ զինեալ յարձակում.Կան 4 զոհեր (Տեսանիւթ)

 Լիբանան. Թրիփոլի քաղաքին մէջ զինեալ յարձակում.Կան 4  զոհեր (Տեսանիւթ)

 Լիբանանեան Թրիփոլի քաղաքը ժամեր առաջ զինեալ յարձակումի մը  թատերաբեմը դարձած է։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ  «Ալ Նահար» կայքէն։

 

Մանրամասնութեանց մէջ   դիմակաւոր անձեր յարձակում գործած են հեռախօսներ վաճառող մեծ վաճառատան մը վրայ, որուն իբրեւ պատասխան վաճառատան սեփականատէրն ու պաշտօնեան պատասխան կրակ բացած են։

 Դէպքին հետեւանքով զոհերուն թիւը հասած է չորսի, զոհուած է նաեւ վաճառատան սեփականատէր ՝ Մահմուտ Խտըր։

Կը նշուի, որ վաճառատունը կը գտնուի  քաղաքի կեդրոնական հատուածին մէջ եւ ապահովական մարմիններ վրայ հասնելով յատուկ գործողութիւններու դիմած են։

 Յիշեցնենք, որ ճիշդ շաբաթ մը առաջ նոյնպէս ապահովական խլրտումներ  գրանցուած էին Թրիփոլիի մէջ եւ ըստ իրաւապահ մարմիններուն այս դէպքերը  հետեւանք են ապօրինի զէնքի գոյութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսական ծանր պայմաններուն։