image

Լիբանան. Թաւագլոր դէպի համատարած աղքատութիւն. Եւ «աղօտ» յոյսեր

Լիբանան. Թաւագլոր դէպի համատարած աղքատութիւն. Եւ «աղօտ» յոյսեր

Լիբանանցիներու 74 տոկոսը աղքատութեան սեմին է։ 

Այս  մասին օրերս  յայտարարուած է  ՄԱԿ-ի Արեւմտեան Ասիոյ տնտեսական եւ ընկերային հարցերով զբաղող յանձնախումբը։ Յանձնաժողովը, որ հանդէս  եկած է   «Լիբանանի մէջ բազմակողմանի աղքատութիւնը, ցաւալի իրականութիւն եւ անյայտ հեռանկարներ» խորագրեալ թղթածրարով  նշած է,  թէ Լիբանանի բնակչութեան 74 առ հարիւրը չքաւորութեան սեմին է։

 Կը նշուի նաեւ, որ «բազմակողմանի աղքատութիւն» եզրոյթը չ'ակնարկէր միայն նիւթական կարողութեան կամ անհատի եկամուտի պակասին, այլ կ'ընդգրկէ կենցաղային զանազան կողմեր, որոնք էական չափանիշ են աղքատութեան մակարդակին, անոնց կարգին են՝ կրթութիւնը, առողջապահութիւնը, կենցաղային ծառայութիւնները՝ ելեկտրականութիւն, ջուր, կազ, վառելանիւթ, նաեւ ունեցուածքներ, աշխատանք եւ ի վերջոյ եկամուտ: Օրինակ՝ ելեկտրականութէնէ զուրկ ընտանիք մը, բազմակողմանի աղքատութեան սահմանումին համաձայն՝ աղքատ կը համարուի»:  Ըստ ուսումնասիրութեան այս բոլորէն  աւելի  բնակարանէ  զրկանք, դեղորայքէ զրկանքը,  դրամատան սեփական գումարներէն  զրկանքը յանգեցուցած են, որ «Լիբանանի մէջ բազմակողմանի աղքատութեան մակարդակը բարձրանայ բնակչութեան 42 տոկոսէն 2019-ին մինչեւ 82 տոկոսի 2021-ին»: Իսկ չքաւորութենէ կը տառապին բնակչութեան 74 առ հարիւրը, «2020-ին այդ տոկոսը 55 առ հարիւր էր, իսկ 2019-ին 28 առ հարիւր»:

Ուսումնասիրութիւնը նշած է, թէ Լիբանանի մէջ բարօր կեանք կ'ապրի այսօր միայն 210 հազար ընտանիք, որ սակայն, կրնայ լուծել աղքատութեան հարցը: «Լիբանանի մէջ կարողութիւն ունեցողները, որոնց տոկոսը չ'անցնիր բնակչութեան 10 առ հարիւրը, կրնան ծածկել աղքատութիւնը յաղթահարելու ծախսերը տրամադրելով տարեկան ներդրումներ, որոնք չեն գերազանցեր իրենց հարստութեան 2 տոկոսը»: 

Ուսումնասիրութիւնը, առաջարկած է նաեւ լուծումներ,- «Հիմնել հասարակութեան ճիգերով ազգային հիմնադրամ մը, մշակել ընկերային ապահովութեան ծրագիր , ընդլայնել ընկերային ծրագիրները ընդգրկելով գործազուրկերը, աջակցիլ տեղական դեղերուն, մշակել ծրագիր աւելցնելու ելեկտրականութիւն արտադրելը, ի վերջոյ դնել ազգային փրկարարական ծրագիր մը սեփական բնագաւառները զարգացնելու»:     

Կառավարութեան հրաժարականը եւ քաղաքական իշանութիւններուն ճիգերը ձախողեցնելու որեւէ փրկարար ծրագիր, պահանպատասխանատու կը համարուին լիբանանցիներու եւ ի մասնաւորի աղքատներուն այս մակարդակին: Եւ այս բոլորը վասն կեդրոնական դրամատան, դրամատուներու սեփականատէրերուն եւ մենաշնորհ ընտանիքներուն եւ այս իրավիճակէն բոլոր օգտուողներուն:  

 

 «Արեւելք»ի համար թարգմանեց՝ Թ.Գ.

 Աղբիւրը՝ «Ալ Ախպար»