image

Համատարած ցոյցեր Երեւանի մէջ

Համատարած ցոյցեր Երեւանի մէջ

Վաղ առաւօտէն բողոքի ցոյցերը մեկնարկած են։ Այս մասին իր դիմատետրեան էջի ուղիղ եթերէն յայտնած է «Մայր Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Անդրանիկ Թեւանեանը՝ կոչ ընելով բոլորին միանալու իրենց։

«Կոչ եմ անում բոլորին քաղաքի տարբեր հատուածներում, թէկուզ փոքր խմբերով, իրականացնել այս ակցիաներն եւ, ամենակարեւորը, բերման չենթարկուել։ Տեխնոլոգիան հետեւեալն է՝ ոստիկանների մօտենալու դէպքում անմիջապէս տեղափոխւում էք այլ փողոց։ Կարեւորը, որ արդիւնաւէտութիւնն ապահովուի», -ըսած է Թեւանեանը։

Առաւօտեան բողոքի ցոյցի մասնակիցներն արդէն փակած էին շարք մը փողոցներ, ներառեալ՝ Երեւանի Միասնիկեան պողոտան:

Ոստիկանութիւնը բերման ենթարկած է ճանապարհներ փակած քաղաքացիները։ Բերման ենթարկուած են նաեւ Սարեան–Բիւզանդ փողոցները փակած քաղաքացիներէն մի քանին, այդ շարքին՝ Անդրանիկ Թեւանեանը։

Երթեւեկութիւնը որոշ ժամանակ կաթուածահար էր, սակայն ոստիկանական ուժերն ու կարմիր պերեթաւորներ բացած են ճանապարհը:

Անհնազանդութեան խաղաղ արշաւներէն ետք, առաւօտեան ժամը 10:00-ին բողոքի հաւաք իրականացուած է Հանրապետութեան հրապարակի մէջ, երբ Կառավարութեան շէնքէն ներս կ'իրականանար կառավարութեան նիստ՝ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ:Շէնքը շրջապատուած էր ոստիկանական պատնէշով:

Կառավարութեան բակին մէջ իրավիճակը պարբերաբար լարուած է: Ոստիկաններու եւ քաղաքացիներու միջեւ պարբերաբար միջադէպեր գրանցուած են:

Կառավարութեան նիստի աւարտին, շէնքի մուտքի մօտ սեւ պերեթաւորները քանի մը շարքով «միջանցք» կազմած են, որ Նիկոլ Փաշինեանի շարասիւնը անցնի:

Քաղաքացիները հաւաքուած էին այդ հատուած եւ կը գոռային՝ «Նիկոլ թշնամի»: Անոնք կը պահանջեն Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը, ինչպէս նաեւ ՀՀ իշխանութիւններէն կը պահանջեն Հայաստանի մէջ ընդունիլ տեղահանուած արցախցիները։