image

Հրադադարի յոյսերը կը մարին․ Իսրայէլը կը շարունակէ ռմբակոծել Կազայի հատուածը եւ Լիբանանը

Հրադադարի յոյսերը կը մարին․ Իսրայէլը կը շարունակէ ռմբակոծել Կազայի հատուածը եւ Լիբանանը

Իսրայէլի եւ «Համաս»-ի ու «Հըզպալլա»ի միջեւ հրադադարի հեռանկարներն ուրբաթ օրը խարխլած են, իսրայէլեան օդային հարուածներու հետեւանքով Կազայի հատուածին մէջ նախօրէին սպանուած է առնուազն 68 մարդ, ռմբակոծուած են նաեւ Պէյրութի հարաւային արուարձանները:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարած է, որ օդային հարուածի ժամանակ Կազայի հարաւը գտնուող Խան Եունիս քաղաքին մէջ սպանուած է «Համաս»-ի բարձրաստիճան պաշտօնեայ Իզ ալ-Տին Քասապին եւ անոր բնութագրած է որպէս «Համաս»-ի վերջին ողջ մնացած բարձրաստիճան անդամներէն մէկը, որ կը համակարգէր Կազայի մէջ գործող միւս խմբաւորումներու գործողութիւնները:

ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններէն առաջ՝ մինչեւ նոյեմբեր 5-ը, ԱՄՆ բանագնացները կ՚աշխատին հրադադար ապահովել երկու ճակատներու վրայ: Սակայն «Համաս»-ը ժամանակաւոր զինադադարի կողմնակից չէ, ուրբաթ օրը հաղորդած է «Ալ-Աքսա ՀԱՄԱՍ» հեռուստաընկերութիւնը:

Հրադադարի առաջարկները չեն բաւարարած խմբաւորման պայմաններուն, ըստ որոնց՝ որեւէ գործարք պէտք է վերջ դնէ Կազայի մէջ մէկ տարի տեւող պատերազմին եւ ներառէ իսրայէլեան ուժերու դուրսբերումը աւերուած պաղեստինեան անկլաւէն, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Աւելի վաղ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն յայտարարած էր, որ իր առաջնահերթութիւնը անվտանգութեան ապահովումն է «հակառակ ճնշումներուն եւ սահմանափակումներուն»:

Անոր գրասենեակը յայտնած է, որ ան հինգշաբթի օր այս ուղերձը փոխանցած է Իսրայէլի մէջ ԱՄՆ բանագնացներ Ամոս Հոխշթէյնին եւ Պրեթ ՄաքԿուրքին: Սակայն ուրբաթ Իսրայէլը շարունակած է իր ռազմական յարձակումները Կազայի մէջ «Համաս»-ի եւ Լիբանանի մէջ «Հըզպալլա»ի դէմ:

Կազայի բժիշկները յայտնած են, որ Տէյր ալ-Պալահ քաղաքի, Նուսէյրաթ ճամբարի եւ ալ-Զաուաիտա քաղաքի ուղղութեամբ իսրայէլեան հարուածներու հետեւանքով ուրբաթ գիշերը եւ առաւօտեան մօտ 68 մարդ զոհուած է, տասնեակ մարդիկ վիրաւորուած են:

Իսրայէլեան բանակը յայտնած է, որ իր զօրքերը ոչնչացուցած են, ինչպէս իրենք անուանած են, Կազայի կեդրոնը եւ հիւսիսային Ճապալիա շրջանը գտնուող զինուած ահաբեկիչները:

Լիբանանի վարչապետ Նաճիպ Միքաթին ուրբաթ օր մեղադրած է Իսրայէլը՝ ըսելով, որ բանակցութիւններուն մէջ կ՚արգելափակուին առաջընթացի հնարաւորութիւնները։

«Իսրայէլեան յայտարարութիւններն ու դիւանագիտական ​​ազդանշանները, որոնք կը ստանայ Լիբանանը, կը հաստատեն իսրայէլեան յամառութիւնը առաջարկուող լուծումները մերժելու եւ սպանելու ու ոչնչացնելու մօտեցումը պնդելու հարցով»,-ըսած է ան։

Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ ուրբաթ 52 մարդ զոհուած է Պաալպեք շրջանի մէկ տասնեակէ աւելի քաղաքներու վրայ իսրայէլեան հարուածներու հետեւանքով: