ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարն անդրադարձած է Իսրայէլ-Լիբանան սահմանին հնարաւոր մագլցման, պնդած է, որ հարկաւոր է խուսափիլ Միջին Արեւելքի մէջ հակամարտութեան ընդլայնումէն:
«Աշխարհը չի կրնար թոյլ տալ, որ Լիբանանը դառնայ հերթական Կազա: Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի ռազմական հռետորաբանութիւնը մտահոգիչ է: Մէկ չմտածուած քայլ կրնայ յանգեցնել աղէտի»,- յայտարարած է Անթոնիօ Կութերէշ։ Ան կոչ ըրած է երկու կողմին ալ՝ անմիջապէս դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները:
Մինչ այդ ՑԱՀԱԼ եւ Հըզպալլա յայտնած են փոխադարձ հարուածներու մասին: Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ երկրի իշխանութիւնը մտադիր է դադրեցնել Լիբանանի մէջ տեղակայուած Հըզպալլա շարժման հետագայ յարձակումները եւ շուտով անհրաժեշտ որոշումներ պիտի ընդունի այդ ուղղութեամբ։
Աւելի վաղ Իսրայէլի բանակը յայտարարած էր Լիբանանի ուղղութեամբ յարձակման անմիջական ծրագիրներու հաստատման մասին: Հըզպալլայի առաջնորդն ալ նախազգուշացուցած է՝ եթէ ՑԱՀԱԼ յարձակի, Իսրայէլի մէջ անվտանգ տեղ չի մնար, քանի որ Հըզպալլա հրթիռներով եւ անօդաչուներով զանգուածային հարուածներ կը հասցնէ: