Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ վեց բարձրաստիճան հոգեւորականներու գործով դատական նիստը յետաձգուած է, որովհետեւ մեղադրող կողմը չէ ներկայացած դատարան։ Յիշեցնենք, որ գործին կը մասնակցին քանի մը դատախազներ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու վեց եպիսկոպոսներ կը մեղադրուին դատական վճիռը չկատարելու յանցանքով։ Ըստ մեղադրող կողմի ձեւակերպման՝ Գարեգին Բ. Ներսիսեան, ըլլալով «Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցի» կրօնական կազմակերպութեան Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նախագահը, օգտագործելով իր պաշտօնէական լիազօրութիւնները, խոչընդոտած է օրինական ուժի մէջ մտած այլ դատական վճիռի մը՝ Արմաւիրի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի՝ «Հայցի ապահովման միջոց կիրառելու միջնորդութիւնը բաւարարելու մասին» որոշման գործադրութեան։
2026 թուականի Յունուար 15-ին Արման Սարոյեան (Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեան) հայցադիմում ներկայացուցած է Արմաւիրի մարզի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարան՝ խնդրելով անվաւեր նկատել Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի՝ զինք Մասեացոտնի թեմի առաջնորդի պաշտօնէն ազատելու մասին 2026 թուականի Յունուար 10-ի թիւ 02 հայրապետական կարգադրութիւնը եւ զինք վերականգնել նոյն պաշտօնին։
Մեղադրեալներուն շարքին են Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան, Հայկազուն արքեպիսկոպոս Նաջարեան, Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեան, Յովնան եպիսկոպոս Յակոբեան, Մակար եպիսկոպոս Յակոբեան եւ Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեան։
Հոկտեմբերին Արմաւիրի մարզի առաջին ատեանի դատարանը կարճած է Արման Սարոյեանը Մասեացոտնի թեմի առաջնորդի պաշտօնին վերականգնելու պահանջով յարուցուած քաղաքացիական գործին վարոյթը։ Դատարանը եզրակացուցած է, որ վէճը ենթակայ չէ քաղաքացիական դատավարութեան կարգով քննութեան, քանի որ Սարոյեանի եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ աշխատանքային յարաբերութիւններու գոյութիւնը ապացուցուած չէ։
Այս որոշումը իրաւական հիմքեր կը ստեղծէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ միւս հոգեւորականներուն արդարացնելու կամ անոնց նկատմամբ քրէական հետապնդումը դադրեցնելու համար։