image

Իրանը Քաթարի միջոցաւ նոր առաջարկ մը ներկայացուցած է

Իրանը  Քաթարի միջոցաւ նոր առաջարկ մը ներկայացուցած է

Իրանը Քաթարի միջոցով Միացեալ Նահանգներուն փոխանցած է միջուկային ծրագիրին վերաբերեալ առաջարկ, որուն քննարկումը կրնայ տեղի ունենալ միայն այն պարագային, եթէ Ուաշինկթըն կատարէ Թեհրանի ներկայացուցած եօթը պահանջները։ Այս մասին կը հաղորդէ Reuters գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկը։

Աւելի վաղ Թեհրան յայտարարած էր, որ իր եօթ պայմաններէ բաղկացած իր ծրագիրին մէջ առաջարկած է Հորմուզի նեղուցը բանալու տարբերակներ՝ ծովային շրջափակման եւ նաւթի արտածման սահմանափակումներու վերացման դիմաց։ Սակայն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մերժած էր զայն։ Ատկէ ետք Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած էր, որ ստացած է ծրագիրին վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու պատասխանը եւ Քաթարի միջոցով փոխանցած՝ Ուաշինկթընի պատասխանին վերաբերեալ իր գնահատականները։

«Իրանը Քաթարի միջոցով Միացեալ Նահանգներուն փոխանցած է միջուկային ծրագիրին վերաբերեալ առաջարկ, որ կրնայ քննարկուիլ միայն այն բանէ ետք, երբ Ուաշինկթըն կատարէ Թեհրանի եօթը պահանջները», նշուած է հրապարակման մէջ։

Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ Ուաշինկթըն ներկայիս կ՚ուսումնասիրէ Թեհրանի առաջարկը։

Աւելի վաղ New York Times թերթը հաղորդած էր, որ Իրանը կը քննարկէ միջնորդներէն ստացած առաջարկները՝ իրանական միջուկային ծրագիրի ապագային վերաբերեալ։