image
Հրատապ լուրեր:

ԼՂ-էն բռնի տեղահանուածներուն ժամանակաւոր պաշտպանութեան կարգավիճակ պիտի տրուի՝ ընդունելով անոնց որպէս փախստական. Փաշինեան

ԼՂ-էն բռնի տեղահանուածներուն ժամանակաւոր պաշտպանութեան կարգավիճակ պիտի տրուի՝ ընդունելով անոնց որպէս փախստական. Փաշինեան

Կառավարութեան 26 հոկտեմբերի նիստին պիտի ընդունուի համապատասխան որոշում, որով Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն պիտի տրուի Ժամանակաւոր պաշտպանութեան կարգավիճակ: Այս մասին Ազգային Ժողովէն ներս կառավարութեան հարց ու պատասխանի ժամանակ ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Այս որոշման նախագիծը մենք բազմիցս քննարկել ենք ամենալայն ֆորմատներով եւ մեզ համար կարեւոր է եղել յանգել այն որոշմանը, որը առաւելագոյն հնարաւորութիւնը կը տայ Լեռնային Ղարաբաղից բռնի տեղահանուած մեր քոյրերի եւ եղբայրների բոլոր իրաւունքները պաշտպանելուն:

 

Այս որոշման էութիւնը Լեռնային Ղարաբաղից բռնի տեղահանուածների փախստական լինելու հանգամանքը արձանագրելն է, որպէսզի նաեւ ե՛ւ տեղական առումով, եւ միջազգային առումով նրանց իրաւունքները պաշտպանելու իրաւունքները աւելի ընդլայնուեն»,-ըսած է ան:

Ըստ վարչապետի՝ որոշումն ընդունելէ ետք Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուածները նաեւ հնարաւորութիւն կ՚ունենան դիմելու Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու համար: