image

Լեւոն Քոչարեան Ազգային ժողովի պատգամաւորի մանթատ ստացաւ

Լեւոն Քոչարեան Ազգային ժողովի պատգամաւորի մանթատ ստացաւ

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի որդին՝ Լեւոն Քոչարեանը, Ազգային ժողովի պատգամաւորի մանթատ ստացաւ։ Այս մասին յայտարարուած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի, նոյեմբեր 6-ի, արտահերթ նիստին։

Մօտ երկու ամիս անազատութեան մէջ գտնուող Լեւոն Քոչարեանի փաստաբանական խումբը վստահ է, որ ան մանթատը ստանալէ ետք ազատ կ՚արձակուի։

Սեպտեմբեր 19-ին Արցախի դէմ ատրպէյճանական նոր յարձակման եւ ատոր հետեւած իրադարձութիւններուն զուգահեռ Երեւանի մէջ հակակառավարական ցոյցեր իրականացուած էին։ Լեւոն Քոչարեանը բերման ենթարկուած էր, ապա ձերբակալուած էր սեպտեմբեր 22-ին։ Անոր մեղադրանք առաջադրուած է առ այն, որ սեպտեմբեր 22-ին խաղաղ ցոյցի ժամանակ ան չէ կատարած կարմիրպերեթաւորներու` ճանապարհը բանալու օրինական պահանջը եւ բռնութիւն գործադրած է ոստիկանութեան ծառայողներու նկատմամբ։