Արմաշի վանքը ուխտագնացութեան աւանդական վայր եղած է: Բաղդատմամբ Հայաստանի բազմաթիւ վանքերու՝ բաւական կարեւոր դեր խաղացած է այս վանքը, ուր մանաւանդ Սուրբ Խաչի տօնի օրը կ՚երթային ուխտագնացութեան եւ մասնակից կ՚ըլլային զանազան արարողութիւններու:
Արմաշի վանքին եւ դէպի այնտեղ կատարուող ուխտագնացութիւններու մասին շատ գրուած է: Արեւմտահայ նորավիպագիր եւ հրապարակագիր Լեւոն Բաշալեան, մասնակից ըլլալով մէկ ուխտագնացութեան, իր գրութիւններուն մէջ նոյնպէս նկարագրած է ջերմ ու մտերմիկ մանրամասնութիւններ այդ արարողութենէն, սկսեալ ճանապարհէն մինչեւ ուխտաւորները, ուխտը եւ տեսարաններ, որոնք կը բնորոշեն հայոց մէջ տարածուած այդ խմբական երթը:
Այդ գրութենէն թուայնացնելով, կը ներկայացնենք հատուածներ: Տպագրուած է «Հայրենիք»ի մէջ, 1892 թուականին եւ ներառուած Բաշալեանի՝ Փարիզի մէջ տպուած նորավէպերու եւ պատմուածքներու գիրքին մէջ (1943թ.)։
ՆԻԿՈՄԻԴԻՈՅ ՄԷՋ
…Չորեքշաբթի, իրիկուան դէմ.
Առաջին անգամ ըլլալով, ճշմարիտ դուար մը տեսայ։ Քաղաքաբնակ մարդու տգիտութեամբ, այդօրինակ շատ մը բառեր կան, զորս յաճախ կը գործածենք՝ առանց անոնց ճշգրիտ նշանակութիւնը գիտնալու։ Ո՜րչափ անգամներ մեր գրչին տակէն անցեր են սա տեսակ բառեր՝ շահպրակ, շահոքրամ, թմբի, թեղօշ, կաղամախի եւ այլն, եւ ո՜րչափ պիտի շուարէինք եթէ մէկը երկու տարբեր ծառեր ցուցնելով մեզի՝ հարցնէր, թէ անոնցմէ ո՞րն է թեղօշը եւ ո՞րը թմբին։
Յունաց Պանթալէոնի վանքը տանող ճամբուն վրայ։
Մեր ձիերուն ոտքերը փոշիին մէջ կը կորսուին։ Հեռուէն, յանկարծ, փոշեղէն խիտ ու թանձր ամպ մը կը բարձրանայ ու կը տարածուի, հետզհետէ մօտենալով։ Մէկ կողմ կը քաշուինք։ Ու ամպը կը մօտենայ, կը հասնի մեզի, կենդանի էակի մը նման, որ զմեզ կը շրջապատէ չորս կողմէն,- տարօրինապէս խօսուն ամպ մը, զանգակներու հնչիւններով, որոնց կը խառնուին հարիւրաւոր ոտքերու դմփոցներ եւ երկար ողբագին պոռոչիւններ։ Երկու հարիւրի չափ եզներ են ասոնք, որոնք վաղը Արմաշ երթալիք սայլերուն պիտի լծուին։ Ու պահ մը կը կենամ կը դիտեմ այս պատկերը, այս խօսուն ամպը, Յայտնութեան գիրքէն ահեղօրէն կենդանի դրուագ մը, որ իրագործուած է այս ճամբուն վրայ։
Պանթալէոնի վանքը՝ Յունաց Արմաշն է։ Ամէն տարի յուլիս 27-ին յոյն ուխտաւորներու ահագին բազմութիւն մը կը հաւաքուի այնտեղ, մինչեւ Փոքր Ասիոյ հեռաւոր քաղաքներէն։ Միայն թէ, մինչդեռ Արմաշի ուխտագնացութիւնը տասը օր կը տեւէ, յոյները գիշեր մը կը հասնին, իրենց ուխտը կը կատարեն ու պատարագին կ՚ունկնդրեն, եւ հետեւեալ առաւօտ կը մեկնին։
Ծերունի յոյն քահանայ մը, որ շատ մաքուր հայերէն կը խօսի, - Օրթագեղէն հայ-հոռոմ մըն է, - կ՚առաջնորդէ զիս եկեղեցին։ Ուշագրաւ բան մը չկայ։ Ի զուր կը փնտռեմ վաղնջուց պատկեր մը, հնութեան յիշակերտ մը։ Ամէն կողմ ոսկեզօծուած, սրբուած, ճերմկցուած։ Նոբ նոր փայլուն սուրբեր են որ պատերուն վրայէն ինծի կը նային իրենց արտայայտութենէ զուրկ նշաձեւ սեւեռուն աչքերովը…
***
Չորեքշաբթի, գիշեր.
Դէպի հայոց եկեղեցին տանող զառիվերը՝ աներեւակայելի ոգեւորութեամբ կենդանացած է։ Այդ զառիվերին վրայ եւ անկէ վար, ընդարձակ հրապարակի մը մէջ, եկած հաւաքուած են շրջակայ գիւղերէն, երկու հարիւրի չափ սայլ, ամէնքն ալ ուխտաւորները փոխադրելու համար։
Եկեղեցիին դուրսը, կատարեալ բանայիրի կերպարանք մը առած է։ Անդուլ խժլտուք մը կը բարձրանայ անկէ, ամէն տեսակ ձայներու խառնուած, բացօթեայ խոհարարներ, պտղավաճառներ, հաց ու պանիր ծախողներ, լանթէռնա մը, որ լռել չի գիտեր, անցնող դարձող բազմութիւն մը, ամէն տարազներով, ամէն ձեւերով ու լապտերներու լոյսեր, որոնք երեւան կը բերեն այս ցնորական տեսարանը։
Եկեղեցիին բակին մէջ, խումբ խումբ նստած են ուխտաւորներ,- ըխտաւորները, կ՚ըսէ տեղացին։ Գետինը գորգ մը փռած, բարձերու, վերմակներու մէջ կորսուած, այդ խումբերը՝ բոլորակի շարուծ կը ճաշեն, մոմի մը լոյսով։ Եկեղեցիին սենեակներուն մէջ հինգ վեց հոգինոց տեղ մը քսան հոգի խռնուած, նոյն տեսարանը։ Ու կ՚երթան կու գան, կիները իրենց ճերմակեղէնները ու ամանները կը լուան եկեղեցիին աղբիւրէն, տղաքներ կը վազվռտեն, աւելի պզտիկները կը ճչեն, կու լան, պառաւները վերմակներուն տակ կծկտած կը դողդղան, ու այս ամէնուն վրայ թշուառութեան այնպիսի հով մը կայ, որ սիրտդ կը սեղմէ։ Ու այս այսպէս պիտի շարունակուի մինչեւ առտու, ամէնքն ալ բաց օդին պառկած, խառն մերձաւորութեան մը մէջ, - կիները, այրերը, տղաքները քով քովի։
ՈՒԽՏԸ
Արմաշի ուխտագնացութիւնը երկու որոշ մասի կը բաժնուի. Եկեղեցին եւ բանայիրը։ Մէկ կողմէ հոգւոյն ամենէն գերագոյն ու սրբազան թռիչները, ու միւս կողմէ մարմնին ամենէն անասնական ու բիրտ բնազդներուն ապերասան ստորնաքարշումը։
***
Ուխտի մը համար որոշեալ ժամանակներու մէջ որոշեալ վայր մը երթալու սովորութիւնը՝ նախապատմական հնութեանց մէջ կը կորսուի։ Ուխտագնացութեանց ամենէն հին յիշատակութիւնն է Ելեւսեան տօները, որոնք տեղի կ՚ունենային Ելլադայի Ելեւսիս քաղաքին մէջ, ի պատիւ Դեմետրի, երկրագործութեան խարտիշագեղ դիցուհիին։ Դեմետրն էր որ այն ժամանակներուն մէջ, ուր մարդիկ, իրենց վայրենի կեանքին մէջ, չէին կրնար հողէն հանել իրենց ապրուստը, կը սնուցանէր մարդկութիւնը։ Ինքն էր որ կը բուսցնէր ցորենը եւ կ՚արգասաւորէր արտերը։ Քաղաքակրթութեան դիցուհին էր կերպով մը, եւ ի պատիւ իրեն, Ելլադայի ամէն կողմերէն կու գային, ուխտերով ու զոհաբերութիւններով, ու առիթ մը կ՚ըլլար այս այլազան ցեղերուն՝ զիրար ճանչնալու։
Մեր մէջ Խորենացին կը յիշէ Անահիտի ուխտագնացութիւնը։ Ստրաբոն այդ ուխտագնացութեան վրայ կը յիշատակէ այնպիսի մանրամասնութիւններ, որոնք չեն կրնար այստեղ արտագրուիլ։ Հայուհիները անդ կ՚երթային կորսնցնել այն, զոր կին մը մէկ անգամ միայն կը կորսնցնէ, ու այնուհետեւ աւելի յարգի կը նկատուէին եւ կնութեան կը խնդրուէին։
***
Արմաշ՝ բաւական տարիներէ ի վեր ուխտագնացութեան վայր մըն է։ Դարէն աւելի է, որ անդ կ՚երթան Աստուածածնի պատկերին առջեւ ծնրադրելու, անկէ խնդրելու իրենց ցաւերուն մեղմացումն ու իրենց փափաքներուն իրագործումը։ Չի գիտցուիր ճշդիւ թէ ո՛ր ժամանակէն սկսած է ուխտագնացութիւնը, բայց ապահովապէս մէկ դարէն աւելի է որ Արմաշի բլրակէն վեր կ՚ելլեն ուխտաւորներ։ Անկէ առաջ վանքը հաստատուած էր արդէն, բայց այդ բլրակին հրաշագործ զօրութիւնը դեռ յայտնի չէր ժողովուրդին։
Աստուածածնի պատկերն ալ, որ հրաշագործ զօրութիւն ունի եւ որուն առջեւ կ՚երթան երկրպագել բարեպաշտները, չի գիտցուիր նորէն թէ ո՛ւսկից բերուած է եւ կամ որո՛ւ ձեռքով նկարուած։ Դիտելի է թէ ամէն վանքերու մէջ Աստուածածինն է, որուն յատկացուցած է հրաշագործ զօրութիւնը։ Կինը, որ վանքերու մէջ «քաղաքացիի իրաւունք» չունի, պատկերի ձեւին տակ կը պաշտուի այդ վայրերուն մէջ։ Ահաւասիկ իմաստասիրելու ուրիշ նիւթ մըն ալ։
***
Ինչո՞ւ կու գան Արմաշ։
Ուխտի համար։ Ո՛վ որ ցաւ մը ունի, նիւթական թէ բարոյական, ամուլ կինն որ զաւկի կ՚ըղձայ, մայրն որ աղջկան համար փեսայ մը կը խնդրէ, ո՛վ որ տուն մը կ՚ուզէ, ձիապանն որ իր ձիերուն առողջութիւնը կը բաղձայ, երկրագործն որ լաւ հունձք մը կը սպասէ, կինն որ իր սիրած անձին հաւատարմութեանը կը ցանկայ, իրենց անառակ զաւկին զգաստութիւնը հայցող մայրերը, ամէնքն ալ Արմաշ կը դիմեն։
Իրենց ուխտը մէկ երկու կերպով կը կատարեն։ Բուն ցաւագարները, խուլերը, մունջերը, խելագարները, ջղային տագնապներով յուզուած կիները, Աստուածածնի պատկերին առջեւի գաւթին մէջ կը դրուին մինչեւ չորս օր չորս գիշեր, շրջապատուած իրենց մարդերէն, որոնք պաղատագին կը հայցեն Տիրամօր կարեկցութիւնը այդ եղկելիներուն վրայ։
Միւսները ոչխար մը կը նուիրեն՝ մատաղի համար, մոմ կը վառեն, կանթեղին մէջ իւղ լեցնել կու տան եւ «դարպաս» անուան տակ գումար մը կը նուիրեն։
Ինծի համար ուխտին ամենէն հետաքրքրական եւ նկարագեղ կողմը կը կազմեն այն զանազան արծաթէ առարկաները, զորս ուխտաւորները կը նուիրեն Աստուածածնի պատկերին եւ որ իրենց ուխտագնացութեան նպատակը ցոյց կու տայ։ Թեւին վրայ հիւանդութիւն մը ունեցողը արծաթ թեւ մը կը նուիրէ, աչքի հիւանդութիւն ունեցողը՝ արծաթ աչք մը, սիրտ մը, ձեռք մը, ամբողջ մարմին մը, տուն մը ուզողը՝ տուն մը կը նուիրէ, կառք մը, ձի մը, եւ այլն։ Այս սովորութիւնն ալ շատ հին է։ Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք, թէ Փղշտացիները իրենց երաստանի հիւանդութեանց եւ իրենց դաշտերն աւերող մուկերուն համար իրենց քուրմերէն պատուէր ստացան Իսրայէլացիներուն Տապանակին նուիրելու «զպատկերս երաստանաց ձերոց, եւ զնմանութիւն մկանց ձերոց՝ ապականչաց երկրին»: Այդ պատկերները ոսկիէ շինուեցան։
Ուխտագնացութեան մասը կը կազմէ նաեւ մանկանուէրը։ Ժամերգութենէն յետոյ, ծնողքը Աստուածածնի կը ծախեն, դրամական նուէրով մը, իրենց հիւանդ կամ անառակ զաւակները, եւ մէկ քանի տարիներ անոր պաշտպանութեան ներքեւ թողլէ յետոյ զայնս, ետ կը գնեն։
Ահաւասիկ ինչ է Արմաշի ուխտագնացութեան նպատակը։
ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ՍԵՆԵԱԿԸ
Արմաշի մէջ, Խաչի ուխտագնացութեան ժամանակ, տիպարներու, տարազներու, լեզուի, զգացումներու արտայայտութեան ամենէն ճշգրիտ հանդիսարանը ո՛չ եկեղեցիին մէջ է, ո՛չ դուրսի ընդարձակ պարտէզին մէջ, ուր բազմութիւնը կը պտտի յարաժամ, ո՛չ վանական շէնքերուն մէջ, ուր ուխտաւորները կը պատսպարուին, ո՛չ վանքին դուրսի լայնատարած հրապարակին վրայ, ուր սրճարաններուն եւ խանութներուն մէջտեղ կը վխտայ ամբոխը, ո՛չ այլ Վանահօր սենեկին մէջ։ Քալէիտոսքոբ մըն է այդ սենեակը, ուրկէ կու գան կ՚անցնին բոլոր բարեպաշտները, խորհրդանոց, ուր կը յայտնուին բոլոր թաքուն ցաւերը, խուլ ըղձանքները, հաւատքի սլացումները, հոգեկան գերագոյն խանդաղատանքներն ու բոլոր ողորմ ու պզտիկ եսամոլութիւնները. տեսակ մը փողերանոց-սրբարան, ուր հաւատքն ու դրամը իրարու կը խառնուին տարօրէն սերտութեամբ։
Այդ սենեակին մէջ բազմած է Փոխ-Վանահայր Տ. Օրմանեան Սրբազան։ Հոն է որ, առտուան պատարագէն յետոյ, բարեպաշտները կու գան վճարելու իրենց դարպասը, իրենց մանուկները ծախելու Աստուածածնին, հոն կու գան բերելու իրենց զանազան նուէրները։
Տ. Օրմանեան Սրբազանի թոյլտուութեամբը երկար ժամեր անցուցի այդ սենեակին մէջ, որ ուսումնասիրութեան եւ հոգեբանութեան կատարեալ դիտարան մը եղաւ ինծի համար։
Յաղթ ու կորովի գիւղացիներ ներս կը մտնեն ու, յարգանօք համբուրելով Սրբազանին ձեռքը, կը նստին բազմոցներուն կամ աթոռներուն վրայ։ Յետոյ իրենցմէ մին ոտքի կ՚ելլէ եւ կու գայ կամացուկ մը Սրբազանին սեղանին վրայ դնել իր դարպասը, մէկ մէճիտէն մինչեւ մէկ ոսկի եւ աւելի ալ։ Սրբազանը կը գրէ ընկալագիրը եւ կը յանձնէ նուիրատուին։ Յետոյ ետին կը դառնայ, վարագոյր մը մէկդի կ՚առնէ կիսովին, թուղթ մը կը քաշէ եւ կու տայ նուիրատուին։ Այդ թուղթերը՝ հինէն մնացած նուիրատոմսեր են, որոնց վերեւ հրաշագործ Աստուածածնին պատկերը փորագրուած է եւ տակը գրուած է. «Վճարեց 100 դահեկան վասն վերաշինութեան եկեղեցիին, եւ այլն»։ Հին հանգանակութեան մը աւելորդ մնացած այդ թուղթերը հիմա կը գործածուին իբր յիշատակ մը Արմաշի, եւ տեսնելու է թէ բարեպաշտներն ի՜նչ խանդակաթ սրտեռանդութեամբ կը տանին իրենց հետ այդ թուղթերը։ Այնքան ճշմարիտ է թէ դիտաւորութիւնն է ամէն բանի մէջ, որ գործի մը էական հիմը կը կազմէ։
Կիներ ներս կը մտնեն, Իզմիտի գիւղերուն յատկանշական տարազովը, մետաքսէ կարճ վերարկու, գունաւոր ուռուցիկ շալվար, գլուխնին ոսկեթել եազմայով մը, ուրկէ մազը կը կախուի՝ մէկ հիւսքով՝ մինչեւ մէջքը։ Երկիւղածութեամբ կը մտնեն ներս, Սրբազանին կը մօտենան եւ աջն համբուրելէ յետոյ, իրենցմէ մին մեղմով գետինը կը դնէ պզտիկ կապոց մը։ Նուշ բերեր են Սրբազանին, կամ անձեռոցներ զորս իրենք մաներ են, կամ գուլպաներ, զորս իրենք հիւսեր են ձմրան գիշերներուն տքնութեանց մէջ։
Երկու խեղճ կիներ ներս կը մտնեն, մէկ մէկ պզտիկ լաճի ձեռքէն բռնած։
Ռոտոսթոյէն են։ Աւելի համարձակը խօսք կ՚առնէ.
-Ա՜խ, Սրբազան, Աստուածածնի պիտի ծախենք, կ՚ըսէ արտասուագին ձայնով մը։ Անառակ են, դպրոց չեն երթար, չեն կարդար, կը փախին ծովեզերքը կ՚երթան միշտ։
Պզտիկը, կրակոտ չարաճճի աչքերով, այս «Աստուածածնին պիտի ծախենք» խօսքին վրայ կը սարսափի, ինքզինքը կ՚ազատէ մօրը ձեռքէն եւ կը վազէ դէպի դուռը, երբ կը բռնեն կը բերեն զինքը։ Սրբազանին հայրական յորդորներուն տակ տղան կը հանդարտի ու հիմա իր աչքերը խոհուն ու մտածկոտ արտայայտութիւն մը ունին։
Կին մը ներս կը մտնէ դողդղալով.
-Ա՜խ, Սրբազան, րիճա մը ունիմ։ Ճամբան տիւլպիւն մը խայիպ ըրի. բան մը չէր, ոսկիի մը նոբ նոր առեր էի քի հեռուէն Արմաշը տեսնամ, ճամբան նասըլ եղաւ չիտեմ խայիպ եղաւ։ Ճա՛նըմ Սրբազան, սանկ եկեղեցիին մէջ ծանուցում մը ընէիք։
Վանքի դուրսի հրապարակին մեծ սրճարանին վարձակալներն եկած են ու կը գանգատին, թէ ոստիկանութիւնը թող չի տար որ գիշերուան ժամը հինգէն յետոյ բաց մնան գինետուները եւ կ՚արգիլէ ֆիշէնկ նետելը։ Ի՜նչ տեսակ է այդ մարդերուն միամտութիւնն որ իրենց օղիի հաշիւներուն հետ խառնել կ՚ուզեն Վանահօր միջամտութիւնը։ Ու մանաւանդ ի՜նչ ահռելի ծարաւ է այն, որ չի կարենար յագենալ մինչեւ ժամը հինգ խմելով։
Ուրիշ կին մը, Բերայէն, շատ շնորհքով ընտանիքէ մը, սրտի եսամոլ աղաղակ մը կ՚ունենայ.
-Ա՜խ, Սրբազան, փէք աղէկ է Արմաշը, բայց ի՞նչ աղէկ կ՚ըլլար եթէ Աստուածածինը Բերա ըլլար։
-Ձեր տանը քովիկը թերեւս, այնպէս չէ՞։
Ու հետզհետէ կու գան, տողանցութիւնը կը շարունակուի անընդհատ. դրան առջեւ կարգի կը սպասեն. սենեակը պարպուելուն պէս՝ նորէն կը լենայ։ Մէկը արծաթ բուրվառ մը կը բերէ, ուրիշ մը մետաքսէ թաշկինակներ, ամէնքն ալ իրենց դարպասը։ Երկար ու կապկպուած քսակներու խորէն մէճիտիէները դուրս կ՚ելլեն։ Խորունկ մտածութիւններէ ետքը, նուիրատուն մէկ երկու մէճիտիէ կը դնէ սեղանին վրայ. ու յանկարծ նոր մտածում մը գալ կը թուի իրեն, իր մէկ ոեւէ բաղձանքը զոր մոռցած էր, ու մէճիտիէ մըն ալ կ՚աւելցնէ իր նուէրին վրայ՝ տաժանելի շարժումով մը։ Խեղճ գիւղացիներ են յաճախ որ առատօրէն կու տան իրենց դարպասը, եւ ուրիշներ, որոնցմէ բաւական գումար մը սպասել ներելի է, կը չափեն կը չափչփեն իրենց նուէրը։
Ու մէկ կողմէ այդ հաշուուած հաւատքը, զոր կը խորեն, կը մանրեն ծայրակտուր, անոր թռիչները սանձելով, ու միւս կողմէ այն բնազդական անխորհրդածեալ մատուցումները որոնք կ՚ըլլուին՝ սրտի անխառն ու վճիտ բղխիւնով մը, դիտողին համար մարդակազմութեան տախտակներ են, որոնց վրայ մերկապարանոց զետեղուած են ներքին գործարաններուն ամենէն թաքուն խորշերն ու ծալքերը։
Ու Օրմանեան Սրբազան, այդ ամէնուն մէջ, կը պահէ իր վարժ ու փորձ հոգեբանի անդորրութիւնը։ Գրիչը ձեռքը միշտ, կը գրէ ու կը գրէ ընկալագրեր, որոնք հաւատացեալներուն խանդին ծանրաչափն են, կը քաշէ իր գզրոցը, որուն մէջ յատուկ խորշեր կան օսմանեան եւ անգլիական ոսկիներու, մէճիտիէներու, քառորդներու եւ մանրուքի։
Ու կու գան միշտ, ամէնքն ալ իրենց աչքերուն մէջ մատնելով իրենց ներքին ցանկութիւնները։ Ու անոնց քով, որոնք պարզապէս շահի ու յաջողութեան ակնկալութիւններ ունին, քանինե՜ր կան, որոնց մարմինը կը կրծէ ցաւը, որոնց բարոյական տառապանքները՝ ալ շատ ծանր կու գան իրենց մարդկեղէն պատեանին, սեւեր հագած կիներ, որոնք մեռած զաւկի ցաւ քաշած են, հիւանդի տէրեր, որոնց աչքին մէջ արցունք մը կայ միշտ, մայրեր, որոնք յուսահատօրէն կը դիտեն իրենց աղջիկներուն ծիւրիլը ու հատնիլը ամուրիութեան մէջ։ Ու դէպի Սրբազանին սենեակը տանող սանդուխը՝ Գողգոթա մը կը թուի ինծի, ու անկէ վեր ելլողները՝ այդ Խաչի շաբթուն մէջ՝ իրենց խաչը շալկած են կռնակին, ցաւով ու հեծութեամբ…
ՄԱՆԿԱՆՈՒԷՐ
Ժամերգութենէն յետոյ է որ, Արմաշի եկեղեցիին մէջ, տեղի կ՚ունենայ Մանկանուէրի պատկառազդու արարողութիւնը։
Տասը-քսան տղաքներ, շապիկ հագած ու մոմ բռնած իրենց ձեռքերուն, սեղանին առջեւ կարգով կը շարուին։ Անառակ տղաքներ են, որոնց վրայ «շնորհք եւ իմաստութիւն» կը խնդրուի, հիւանդոտ տղաքներ, որոնց համար առողջութիւն կը հայցուի, ու իր մեռած եղբայրներէն յետոյ մէկ հատիկ մնացած տղայ մը, որուն վրայ Տիրամօր կենսապարգեւ գթութիւնը կ՚աղաչուի։ Այս արարողութեան համար մասնաւոր աղօթք մը չկայ Մաշտոցին մէջ, այլ Ս. Գրքին բոլոր այն հատուածներն առնելով որոնց մէջ մանուկներու վրայ խօսուած է՝ Արմաշի մէջ ժամանակին շինուած է այդ աղօթքը, Վանահայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ալիքսանեանի օրով կամ ձեռքով։
Յետոյ մանուկները սեղանին վրայ կ՚առնուին, եւ մինչ «Մանկունք Եկեղեցւոյ, փառաբանիչք Ս. Երրորդութեան» շարականը կը կարդացուի իրենց վրայ, երեք անգամ կ՚երկրպագեն սեղանին։ Պահպանիչ մը կը փակէ արարողութիւնը։
Շատ հետաքրքրական ուսումնասիրութիւն մըն է դիտել մանուկներուն դիմագծութիւնն ու վարմունքը այդ արարողութեան միջոցին։ Ցորչափ որ վարը, սեղանին առջեւ են, իրենց ետին տեսնելով իրենց մայրերը կամ քոյրերը, դեռ իրենք զիրենք կը զգան ընտանեկան մթնոլորտին մէջ եւ իրենց զգեստաւորումն ու իրենց ձեռքերուն մէջ վառող մոմերը զուարթ ու հաճոյական փոփոխութեան մը տպաւորութիւնը կը թողուն իրենց վրայ։ Բայց երբ իրենց մայրերէն բաժնուելով սեղանին վրայ կ՚ելլեն, այն ատեն անօրինակ գերբնական աշխարհի մը մէջ մտած ըլլալու արհաւիրքը կը կարդացուի իրենց աչքերուն մէջ, կարծես հողային երկրաւոր բաներէն անդառնալի կերպով կտրուած, անջատուած, քովընտի սարսափահար նայուածքներ նետելով դէպի իրենց մայրերը։ Երկրպագութեան միջոցին, ա՛լ աւրուած է այն գեղեցիկ կարգը, որ վարը տեսնողներուն գոհունակութիւն կ՚ազդէր։ Ոմանք, շուարած, արդէն այդ «ծախուելու» գաղափարին սարսափին տակ, կը խռովին, կը գժդմին, վայրի ձիերու պէս կը խրտչին. ուրիշներ, կարծես ըմբռնած այդ խորհրդաւոր վայրկենին բոլոր վեհութիւնը, հասուն լրջութեամբ մը կը յառաջանան, կանոնաւորապէս ծալլելով իրենց ծունկերն եւ խաչակնքելով։ Երբոր սեղանէն վար իջած են, ամէնուն ալ սրտին մէջ բոյն դրած է նոր գիտակցութիւն մը, ահաւոր խորհուրդի մը մասնակցած ըլլալու խորին հաւատքը։ Աստուածածնի հովանին միշտ իրենց վրայ՝ փրկելով զիրենք ամէն վտանգներէ ու ձախողուածներէ, եւ այս տարտամ մտածութիւնները, անկերպարան այլ զգացուած, իրենց դէմքին կու տան ծանրակաց խստութիւն մը որ պիտի տեւէ…
Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/ Պոլիս