Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուտան ըսած է, որ ինքը բազմիցս խօսած է Միացեալ Նահանգներու հետ ՆԱԹՕ-ի Nuclear Sharing ծրագրի շրջածիրէն ներս երկրին մէջ միջուկային զէնք տեղակայելու իր պատրաստակամութեան մասին։ Անոր խօսքով՝ «սա արդէն որոշ ժամանակ է՝ լեհ-ամերիկեան բանակցութիւններու թեմայ է»։
«Ես արդէն քանի մը անգամ խօսած եմ այս թեմայով։ Խոստովանիմ՝ երբ ինծի հարցուցած են այս մասին, յայտնած եմ մեր պատրաստակամութեան մասին։ Ռուսիան երթալով աւելի կը ռազմականացնէ Քալինինկրատի մարզը. այն վերջերս իր միջուկային զէնքը տեղակայած է Պելառուսիոյ մէջ: Եթէ մեր դաշնակիցներու կողմէ որոշում կայացուի մեր տարածքին մէջ միջուկային զէնք տեղակայել Nuclear Sharing միջուկային փոխանակման ծրագրի շրջածիրէն ներս՝ ՆԱԹՕ-ի արեւելեան թևի անվտանգութիւնն ամրապնդելու համար, ապա մենք պատրաստ ենք ատոր։ Մենք դաշնակից ենք Հիւսիսաթլանթեան դաշինքին մէջ եւ ունինք նաեւ պարտաւորութիւններ այս առումով, այսինքն՝ ուղղակի ընդհանուր քաղաքականութիւն կ՚իրականացնենք»,- «Ֆաքթ»-ի հարցին պատասխանած է ան։