«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ համայնքային գործիչ, Տօքթ. Խաժակ Այնթէպլեան.
-Ի՞նչ են ձեր ակնկալիքները յառաջիկայ ընտրութիւններէն։
Իմ ակնկալիքներս այս ընտրութիւններէն մեծ չեն։ Նախ ըսեմ, որ այս ընտրութիւնները պէտք էր կայանային, սակայն ոչ այս ձեւով։ Պէտք էր կայանային, որովհետեւ քաղաքական փոփոխութիւնը այս հանգրուանին շատ անհրաժեշտ էր։
Ճիշդ է, այս ծանր հարուածէն ետք, ով որ ալ գայ իշխանութեան, պիտի չկարողանայ կորուստները վերադարձնել, բայց քաղաքական փոփոխութիւն պէտք է տեղի ունենայ, անպայման, առաջին հերթին զգայական, յուսահատական այս մթնոլորտին քիչ մը յոյս ներշնչելու համար։ Այսպիսի պարագաներու, որեւէ երկիր քաղաքական նոր դէմքերով հանդէս պէտք է գայ. այս մէկը շատ կարեւոր է, մանաւանդ եթէ նկատի առնենք մեր տարածաշրջանի իւրայատկութիւնը:
Խօսքս անպայման նոր քաղաքական ուժի մը յայտնուելուն մասին չէ, այլ նոյն քաղաքական ուժերը նոր դէմքերով հանդէս գալու մասին, բան մը, որ ցարդ չէ ըրած ոչ մէկ ուժ, բացի, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութենէն։
Լաւ պիտի ըլլար, որ ներկայիս իշխանութեան վրայ գտնուող քաղաքական ուժը այս պահուն, օրինակ, ղեկավարի փոփոխութիւն կատարէր եւ նոր դէմքով մասնակցէր գալիք ընտրութիւններուն, դժբախտաբար, սակայն այդ ուժը, ինչպէս նաեւ շատ մը այլ քաղաքական ուժեր, որոնք կը մասնակցին այս ընտրութիւններուն, ամբողջութեամբ հիմնուած են անձի մը վրայ, եւ ձեւով մը կարծես անոր սեփականութիւնը ըլլան։
-Ներքին լարուածութիւնը կը շարունակուի, մեծ հաշուով բախումներու կամ յաւելեալ լարուածութեան մտավախութիւններ ունի՞ք։
Նիկոլ Փաշինեանը պէտք չէ մասնակցէր այս ընտրութիւններուն, նոյնիսկ եթէ ան տակաւին համակիրներու մեծ զանգուած մը ունի իր ետին։ Ու նաեւ իր համակիրներու կողմէ դրսեւորուած տեսակէտները, որոնք մեծ հաշուով ներքին լարումներու պատճառ դարձած են կրնան աւելնալ ու շարունակուիլ, նոյնիսկ ընտրութիւններէն ետք ալ, պատճառ դառնալով ներքին հաւանական բախումներու։
Լաւ կ՚ըլլար, որ այս ընտրութիւներուն չմասնակցէին նաեւ Ռոպերթ Քոչարեանը, Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, Սերժ Սարգսեանը եւ շատ մը նախկին իշխանութեանց ներկայացուցիչներ եւ անոնց քաղաքական ուժերը նոյնպէս հանդէս գային նոր դէմքերով: Դժբախտաբար, սակայն Նիկոլին մասնակցութիւնը ձեւով մը «արդարացուց» նաեւ անոնց մասնակցութիւնը
Այս պատճառներէն ելլելով է, որ կ'ըսեմ՝ ես մեծ ակնկալիքներ չունիմ այս ընտրութիւններէն:
Յետընտրական շրջանը պիտի ըլլայ լարուած եւ այս մէկը շատ թանկ պիտի նստի ժողովուրդին վրայ։ Լարուած քաղաքական մթնոլորտով Հայաստան մը տնտեսապէս նաեւ շատ կը տուժէ, անկասկած։
-Նոր խորհրդարանի կազմութենէն ու կառավարութեան կազմութեան յաջողումէն ետք ի՞նչ պէտք է ըլլան Հայաստանի իշխանութիւններուն ընելիքները։
Եկող իշխանութիւններէն պիտի ակնկալէինք, առաջին հերթին, թուլացնել երկրին մէջ տիրող լարուածութիւնը ու նոր էջ մը բանալ հայաստանեան ու համահայկական կեանքին մէջ, ինչը սակայն, դժբախտաբար, չեմ կարծեր որ պիտի յաջողուի այս հանգրուանին։
Ես աւելի շատ կը յուսամ որ ընտրութիւններէն ետք հայ քաղաքական դաշտին մէջ նոր ձեւաւորումներ ըլլան։ Քաղաքական կուսակցութիւնները եւ ուժերը իրենք զիրենք թարմացնեն, դուրս գան անհատական քմահաճ կառավարումներու վիճակէն, դառնան գաղափարական եւ նոյնիսկ եթէ իրար միջեւ տարակարծութիւններ ըլլան, այդ տարակարծութիւնները չըլլան շահադիտական կամ անոնց ղեկավարներու միջեւ եղած թշնամական վերաբերմունքին պատճառով, այլ ըլլան գաղափարական եւ ծրագրային, միա՛յն։