Հայաստան-Արցախ ճանապարհին անցակէտ տեղադրուելէն յետոյ, Հայաստան արդէն երկրորդ անգամն է կը դիմէ ՄԱԿ արդարադատութեան միջազգային դատարան: Յայտնած է 1lurer.am:
Երեւան կ'ակնկալէ Հաագայէն, մինչեւ մեր հայցով վերջնական վճիռը, միջանկեալ միջոց կիրառել Պաքուի նկատմամբ՝ պահանջելով անխափան տեղաշարժի ապահովում Լաչինի միջանցքով:
Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչի գրասենեակն Ատրպէյճանի անպատասխանատուութեան հարցը բարձրացուցած է նաեւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան:
Պաքուն ոչ միայն չի կատարեր ՄԱԿ դատարանի միջանկեալ որոշումները, այլ նաեւ կ'անտեսէ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի վճիռները:
Այդ փաստը հայկական կողմը ներկայացուցած է վճիռներու կատարումը վերահսկող մարմին՝ Եւրոպայի խորհուրդի նախարարներու կոմիտէ: