image

«Կը շարունակենք բանակցութիւնները, եթէ Հայաստան ընդունի մեր պայմանները».Պայրամով

«Կը շարունակենք բանակցութիւնները, եթէ Հայաստան  ընդունի մեր պայմանները».Պայրամով

Հայաստանի հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին, երբ Երեւան ընդունի Պաքուի պայմանները։

Յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով՝ Պաքուի մէջ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոքի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ։

Հաղորդած է Ինթերֆաքս-Ատրպէյճան։

«Հայաստանի կողմէ ոչ կառուցողական եւ հակասական քայլերը դանդաղեցուցած են կարգաւորման գործընթացը», - ըսած է Պայրամով։

Միեւնոյն ժամանակ ան ընդգծած է, որ չնայած այս ամէնուն, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումն այլընտրանք չի համարեր։

Անոր խօսքով, գերմանացի գործընկերոջ հետ բանակցութիւններու ընթացքին մանրամասն քննարկած են տարածաշրջանի մէջ տիրող իրավիճակը, հաղորդակցութիւններու բացումը, Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնը։