Լրագրող Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսէն վերահասու կը դառնանք, որ խումբ մը պոլսահայեր բաց նամակով մը դիմած են Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ն Կաթողիկոսին: Անոնք Վեհափառէն խնդրած են շարունակել իր բարերար աջակցութիւնը լուծելու համար համայնքը յուզող տագնապը եւ ան Արամ Սրբազանին թելադրէ, որ հրաժարական տայ Պատրիարաքական ընդհանուր փոխանորդի իր պաշտօնէն՝ շարունակելով մնալ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սպասաւորներէն մին:
Վեհափառ Տէր,
Ութ տարի թափուր է Թուրք. Հայոց Պատրիարքական աթոռը: Գաղութի հոգեւորական ու վարչականներէն ոմանք, իրենց անհատական հաշիւներու բերմամբ յետաձգեցին ու արգելք եղան Պատրիարքութեան նոր գահակալին մեր ժողովուրդի ու սուրբ եկեղեցւոյ աւանդութիւններու հարիր ընտրութեանը։
Վեհափառ Տէր,
մի քանի տարի առաջ, աւելի քան հինգ հազար համայնքայիններու ստորագրած նամակով մը ձեր բարձր գիտութեան յանձնած էինք։ Ցաւօք սրտի Մայր Աթոռէն պատասխան մը չէինք ստացած։ Անցնող ութը տարիներուն, գաղութի կեանքի մէջ բացասական դէպքեր պատահեցան, որոնք ծնունդ առին գաղութին շահերուն ծառայող, կրօնական վերին իշխանաւոր մը չունենալէն ։
Ի դէմ մեր աւանդութեան, պետութեան թելադրութեամբ կրօնական ժողովի կողմէ Պատրիարքի Ընդհանուր փոխանորդ նշանակուած էր Արամ Արք. Աթէշեան Սրբազանը։
Առաջնորդի յատկութենէն զուրկ Արամ Սրբազան դժբախտաբար իր յայտարարութիւնով 1915ի զոհերը անտեսեց, ցաւ, թախիծ, կսկիծ, իր սրտին խորքերու մէջ զգացող, իրողութիւնը աղաղակողներու հոգիներուն մէջ նոր խորը վէրքեր բացաւ։ Մեր մխիթարութիւնը կը մնայ տեսնել, թէ մեր կրօնական իշխանաւորին անձնատուր այս կեցուածքով հանդերձ Ապրիլ 24-եան յիշատակումներ կը կայանան Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ։
Պատրիարքարանը՝ խնդիրներու լուծման վայրն է, ինք դարձած է խնդրայարոյց։ Հոգեւորականները չեն յաջողած դիմադրել, դարձած են գործուած սխալներու մեղսակիցներ։ Իբր հետեւանք համայնքի կապը տկարացած է իր եկեղեցւոյ նկատմամբ։ Ընտրեալ հովիւէ զուրկ, եկեղեցւոյ համայնքը օրըստօրէ կը տկարանայ ու կը հալի։ Ի վերջոյ համբերութիւնը հատած, մարդիկ սկսած են պատրիարքարանի դրան առջեւ բողոքի ցոյցեր կատարել։
Վեհափառ Տէր,
Բազում փորձանքներէն ետք հասած ենք Պատրիարքի ընտրութեան սեմին։ Գիտենք թէ, ոմանք այս հանգրուանին ալ պիտի փորձեն ընտրութիւնը խաթարել, բայց մենք վճռակամ ենք։ Մենք գիտենք նաեւ, թէ ընտրեալ Պատրիարքը միայն եկեղեցւոյ առաջնորդը չէ, նաեւ պետութեան դիմաց Թուրքիոյ հայոց ներկայացուցիչն է:
Մեր եկեղեցւոյ առկայ տարակարծութեան խնդրին մէջ (հոգ չէ թէ ուշացած) ձեր հայրական միջամտութիւնը գոհունակութեամբ կ'ողջունենք:
Թուրքիոյ հայերս մեծամասնությամբ որոշած ենք սեփական խնդիրները լուծել սեփական կամքով։ Յանուն պատրիարքական ընտրութեան արդար ու թափանցիկ կայացման, կը խնդրենք որ թելադրէիք Արամ Սրբազանին, որպեսզի հրաժարի իր փոխանորդի պաշտօնէն եւ շարունակէ ժողովուրդին ծառայել, Հայաստանեայց Սուրբ եկեղեցւոյ որպէս սպասաւորը:
Եւս շեշտենք, թէ ոչ միայն եկեղեցական համայնքը գլխաւորող հոգեւորական մը, այլ թրքահայությունը պետութեան օրէնքներու դիմաց, սփիւռքի մէջ ներկայացնող առաջնորդ մը կ'ուզենք ընտրել։
Մտահոգուելով եւ խնդիրները լուծելու ջանքով խրախուսած եք մեզ։
Մատչելով ի համբոյր Վեհափառութեանդ օծեալ Սուրբ աջոյդ:
Որդիական ակնածանքով՝
Տիգրան Ալթուն Լուիզ Պաքար
Նազարէթ Պինաթլը Էլիզապետ Փէյնիրճի
Տոքթ. Աւետիս Տէմիր Ռեհան Ն. Սալէրի Սարըպայ
Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու Դալար Հիսարլը Հորոզօղլու
Կարօ Գաբրիէլեան Լուիզ Ալաչամ
Տոքթ. Սարգիս Ատամ Արփինէ Չիզմէճիեան
Կարպիս Էվեափան Նուարդ Պաքըրճըօղլու
Հրաչեայ Սուրէն Սուզան Սուզի
Սարգիս Քիչիկ Նայաթ Էլպէ
Արթին Քիլէճի Գարմէն Կարավարեան
Արէն Տատըր Սօնա Մենթեշէ
Օննիկ Կարավարեան Նադյա Գարաճաեան Հաշար
Արման Իզմիրլիեան Սիրան Ճամկէօզ
Սեզար Աւէտիքեան Լեռնա Գ. Պաղտասարօղլու
Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս Շնորհիկ Ա. Տիրացուեան
Գէորգ Թաշքըրան Տիգրանուհի Տեղիրկեչ Եըլմազ
Տաչիա Կարավարեան Ալինէ Սուսլու Եարտըմ
Արեգ Էրքման Մագրուհի Քէչի
Քարեն Յակոբեան Թամար Նալճը
Արման Ֆենդ Անի Քալայճը
Վարդկես Հերկել Օլկա Սոլմազ
Ժան Աճէմօղլու Ժանէթ Գ.Ալթունթօփեան
Գէորգ Եըլտըզ Անի Քիւչիւք Արդար
Սևան Աթաօղլու Սեդա Քիւչիւքօսկան
Արթին Մեծատուր Նատեա Ույկուն