Օրերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչատունը լոյս ընծայած է «ԽՈՀԵՐ․ Հատուածներ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Կոնդակներէն, քարոզներէն, ելոյթներէն, պատգամներէն եւ օրհնութեան խօսքերէն» խորագրով հատորը։
Կը նշուի, որ հատորը պատրաստած է նախկին միաբան եւ ներկայիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժնի աշխատակից եւ «Ժամանակ» պարբերականի յօդուածագիր՝ Տիար Յակոբ (Վարանդ) Քորթմոսեան։
Ստորեւ Մայր Աթոռին կողմէ հատորին մասին լոյս տեսած հակիրճ ամփոփագիրը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է «ԽՈՀԵՐ․ Հատուածներ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Կոնդակներէն, քարոզներէն, ելոյթներէն, պատգամներէն եւ օրհնութեան խօսքերէն» խորագրով գիրքը։
Գիրքին մէջ ամփոփուած են Վեհափառ Հայրապետի 1999-2023 թուականներուն տպագրուած խօսքերէն, քարոզներէն, հրապարակային ելոյթներէն հատուածներ՝ առանձին-առանձին շուրջ 120 գլուխներով, տարբեր արժէքներու ու հասկացողութիւններու մասին, ինչպէս՝ ազատութիւն, Հայ եկեղեցի, Հայրենիք, հաւատք, Ս. Էջմիածին, քրիստոնէութիւն եւ այլն:
Գիրքը կազմուած է արեւմտահայերէնով, ինչն իր հերթին առիթ է արեւմտահայերէնի խթանման ու քաջալերման համար: Այն կրնայ որպէս օժանդակ գրականութիւն ծառայել հոգեւոր հայրերու՝ իրենց քարոզներու, խորհրդածութիւններու, գրութիւններու եւ դասախօսութիւններու մէջ օգտագործելու համար։ Հաշուի առնելով ներկայ դարու վազքը եւ ժամանակի սղութիւնը՝ հատորի կառուցուածքը կ՚օգնէ այն հեշտութեամբ ընթերցել եւ գաղափար կազմել գիրքի բովանդակութեան մասին։
Մտածումները քաղուած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնական «Էջմիածին» ամսագրէն եւ «Քրիստոնեայ Հայաստան» երկշաբաթաթերթէն:
Գիրքը հրատարակութեան պատրաստած է Վարանդ (Յակոբ) Քորթմոսեանը։ Հրատարակութիւնը նուիրուած է Վեհափառ Հայրապետի օծման եւ գահակալութեան 25-ամեակին։