image

Կուանթանամոյի Վերջին Բրիտանացի Բանտարկեալը Ազատ Արձակուեցաւ

Կուանթանամոյի  Վերջին Բրիտանացի Բանտարկեալը   Ազատ  Արձակուեցաւ

Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս) Ըստ «Տէյլի Սապահ»ին, Շաքէր Ամէր, վերջին բրիտանացի  կալանաւորը, որ Գուպայի ծովային կեդրոնի Կուանթանամոյի Ամերիկեան բանտին մէջ բանտարկուած   կը մնար  13 տարի, Ուրբաթ օր ազատ արձակուած է:Աղբիւրը շարունակեց թէ, Սէուտի Արաբական հպատակութիւն ունեցող Աամէր ամուսնացած էր Բրիտանացիի մը հետ, որեւէ յանցագործութեամբ մեղադրուած չէր, 2007 թուականէն ամերիկեան իշխանութիւններու կողմէ նկատուած էր անպարտ, բայց ազատ չէր արձակուած:Անցեալ ամիս Անգլիա յայտնեց, թէ Ամէրը ազատ արձակելու տրամադրութիւն կայ, բայց թուականը չէ յստակացած:«Ես կրնամ վստահեցնել թէ, ան ներկայիս իր ճամբուն վրայ է դէպի Միացեալ Թագաւորութիւն, եւ այսօր ուշ ատեն կը հասնի Անգլիա» ըսաւ արտագին գործոց քարտուղար Ֆիլիփ Համոնտ:Ամէր, 1996-ին, Անգլիա փոխադրուած էր, ան Աֆղանիստանի մէջ մահմետական բարեգործութեան կամաւոր աշխատանք կը տանէր, երբ ձերբակալուեցաւ Աֆղան միութեան հիւսիսային ուժերուն կողմէ 2001-ին եւ յանձնուեցաւ Ամերիկեան ռազմական ուժերուն ըստ իրաւունքներու պաշտպանութեան խումբին: