image

Կոմիտաս Վարդապետի Մասին Նոր Աշխատութիւն Արաբերէնով

Կոմիտաս Վարդապետի Մասին  Նոր Աշխատութիւն Արաբերէնով

Պատմաբան եւ թարգմանիչ դոկտ. Նորա Արիսեան Դամասկոսի մէջ լոյս ընծայած է արաբերէն լեզուով «Կոմիտասն ու հայկական երաժշտութիւնը» խորագրով գիրք մը: Առաջին անգամ ըլլալով Կոմիտասի մասին արաբերէն լեզուով հրապարակուած սոյն գիրքը կը պարունակէ զանազան գիրքերէ ընտրուած 11 ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ. Ինչպէս՝ Ռոպերթ Աթայեանի «Կոմիտասական» ժողովածուէն թարգմանուած կարգ մը ուսումնասիրութիւններ՝ «Կոմիտասի երաժշտական ժառանգութիւնը», Մ. Մուրատեանի «Եկմալեանի պատարագը Կոմիտասի գնահատմամբ», Ն. Թահմիզեանի «Հայոց հոգևոր երգարվեստի ուսումնասիրութեան հարցեր» եւ այլն: Գիրքի երաժշտական խմբագրութիւնը կատարած է Սուրիոյ սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավար Մայեսթրո Միսակ Պաղպուտարեանը, որ իր մուտքին մէջ կը յորդորէ արաբական աշխարհին մէջ երիտասարդ երաժիշտները վարպետ Կոմիտասի ուղիով քալել եւ ժողովրդական երաժշտութիւնը վաւերացնել: Գիրքը կը բաղկանայ 160 էջերէ: Գիրքի թարգմանիչ Արիսեան իր նախաբանին մէջ նշած է, թէ գիրքը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ Կոմիտասի մահուան 80-ամեակին, յոյս յայտնելով որ հայ մշակոյթն ու պատմութիւնը մարմնաւորող Կոմիտաս հանճարը ներկայացնելով գիրքը ներդրում պիտի հանդիսանայ արաբական գրադարանին: Այս հատորը կը հանդիսանայ Նորա Արիսեանի հրատարակած երրորդ գիրքը՝ Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին: