image

Կրթութեան մեծ բարերար Տիար Վարուժ Նարկիզեան այցելած է Մեսրոպեան Վարժարան (Լուսանկարներ)

Կրթութեան մեծ բարերար Տիար Վարուժ Նարկիզեան այցելած է Մեսրոպեան Վարժարան (Լուսանկարներ)

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի բարերար պարոն Վարուժ Ներկիզեան իր ազնուափայլ կողակիցին՝ տիկին Նիրվայի հետ Դեկտեմբեր 21-ին այցելեց վարժարան, ներկայ եղաւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով տեղի ունեցող միջոցառումներուն եւ կատարեց շրջայց մը՝ ծանօթանալու համար Մեսրոպեանի մէջ վերջին տարիներու  կրթական թէ ենթակառուցուածքի բարեկարգման նպատակով իրականացուած աշխատանքներուն:

Մասնաւորաբար, Ներկիզեան ամոլը ներկայ եղաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու Կենդանի Մսուրի աւանդական ներակայացման, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, բաժնելով ներկայ ծնողներուն ուրախութիւնն ու յուզմունքը, ի տես հոգեպարար պահերուն:

Պարոն Ներկիզեան, այցելելէ ետք Մեսրոպեանի զանազան բաժանմունքներ, ուրախութիւն եւ մեծ գնահատանք արտայայտեց վարժարանի բացառիկ բարեկարգ վիճակին համար, կիսելով տնօրէնութեան այն համոզումը, որ այդ բոլորը կարեւոր նշանակութիւն ունի աշակերտներու ուսումնառութիւնը անհրաժեշտ մակարդակով կազմակերպելու համար: Անոր կ՛ընկերակցէր մեր վարժարանի սերտ բարեկամներէն պարոն Գրիգոր Թերզեան:

Նշենք, որ պարոն Վարուժ Ներկիզեան կը հանդիսանայ Մեսրոպեան վարժարանի վերջին աւելի քան մէկ տասնամեակի գլխաւոր բարերարը. անոր աջակցութեամբ վերանորոգուած են վարժարանի զանազան բաժանմունքներ եւ կրթաթոշակի օժանդակութիւն ստացած են հարիւրաւոր աշակերտներ: Բարերարի մօր՝ Ալիս Ներկիզեանի անունը կը կրէ Մեսրոպեաի մանկամսուրը, իսկ գրադարաններէն մէկը կը կրէ հանգուցեալ հօր՝ Աբրահամ Ներկիզեանի անունը: Ներշնչուելով պարոն Ներկիզեանի օրինակէն, շարք մը հիմնադրամներ եւ անհատ բարերարներ իրենք եւս նիւթական եւ կազմակերպական օժանդակութիւն յատկացուցած են Մեսրոպեանին:

Վարուժ Ներկիզեան գործադիր տնօրէնն ու ընդհանուր կառավարիչն է Bank of Sharjah-ի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), նախագահն ու ընդհանուր կառավարիչը Emirates Lebanon Bank-ի, անդամ է ֆինանսա-տնտեսական շարք մը մեծ հաստատութիւններու պատասխանատու մարմիններուն, կ՛առաջնորդէ կրթական շարք մը հիմնադրամներ եւ կրթական նախաձեռնութիւններ, արժանացած է սրբազան քահանայապետին, պետութիւններու եւ հայկական թէ միջազգային բազմաթիւ կազմակերպութիւններու բարձր շքանշաններուն:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի