Կլենտէյլի քաղաքի «քոյր քաղաք»ներու ծրագրին ծիրին մէջ, քաղաքապետ Արա Նաճարեան վերջերս Երեւան այցելեց` Գիւմրի եւ Կապանի հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու նպատակով, ինչպէս նաեւ քննարկեց Երեւանի Կեդրոն շրջանին հետ հաստատուած «բարեկամ քաղաք»ի համաձայնութեան իրագործումը։
Քննարկումները կեդրոնացան յատկապէս մշակութային, տնտեսական եւ ենթակառոյցներու զարգացման ոլորտներուն վրայ։
Այս նպատակներուն համար, 15 Սեպտեմբերին, քաղաքապետը հանդիպում մը ունեցաւ Կեդրոնի ղեկավար Պետրոս Փեթոյեանի հետ, որուն հետ նաեւ այցելեց շրջանին մէջ իրականացուող մարզական, մշակութային եւ տնտեսական զարգացման նպատակով կառուցուած կամ կառուցուող ծրագիրներու վայրերը։
Ան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Սփիւռքի հարցերով յանձնակատար եւ Կլենտէյլի նախկին քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանի հետ, որ երախտագիտութիւն յայտնեց Կլենտէյլի ցուցաբերած աջակցութեանց համար։
Այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներէ ետք, Նաճարեան այցելեց Գիւմրի եւ քննարկումներ ունեցաւ քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանի հետ։