Իրանն ու Օմանը համաձայնութեան եկած են Հորմուզի նեղուցով նոր երթուղիի աշխարհագրական կէտերու շուրջ, եւ շուտով կրնայ հրապարակուիլ երկու երկիրներու համատեղ յայտարարութիւնը։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էսմայիլ Պաղային։
«Կողմերուն կողմէ քննարկուող երթուղիի աշխարհագրական տուեալները համաձայնեցուած են, եւ եթէ որոշ երրորդ կողմեր այս հարցին մէջ խոչընդոտներ չստեղծեն, ապա երկու երկիրներու համատեղ յայտարարութիւնը, որ կը ներառէ համաձայնեցուած հիմնական դրոյթներն ու առանցքային կէտերը, այժմ կը գտնուի վերջնական վերատեսութեան եւ պատրաստութեան փուլին մէջ»,– գրուած է Իրանի դիւանագիտական առաքելութեան «Թելեկրամ» ալիքին մէջ։
Աւելի վաղ Իրանի պետական հեռարձակողը, վկայակոչելով իր աղբիւրը, հաղորդած էր, որ Օմանի եւ Իրանի միջեւ նախատեսուող համաձայնութիւնը չի նախատեսեր Հորմուզի նեղուցի անմիջական վերաբացումը։ Այդ քայլը կախեալ պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու հետագայ գործողութիւններէն։