image

Կիպրոսի երկու առաջնորդները ոչ-պաշտօնական հանդիպած են

Կիպրոսի երկու առաջնորդները ոչ-պաշտօնական հանդիպած են

Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս եւ կղզիի թրքական մասի առաջնորդ Էրսին Թաթարը մասնակցած են Կիպրոսի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ առաքելութեան նոր ղեկավար Քոլին Սթյուարթի կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան։

Ընդունելութիւնը տեղի ունեցած է Նիքոսիոյ պուֆերային գօտիին մէջ գտնուող «Լետրա փելես» հիւրանոցին մէջ։ Խաղաղապահ առաքելութեան նոր ղեկավարը ըսած է, թէ ներուժ ունին օժանդակելու կղզիի իւրաքանչիւր բնակիչի առօրեայ կեանքին վրայ ազդող խնդիրներու լուծման։

Սա երկու մասի բաժնուած կղզիի առաջնորդներու վերջին շրջանին տեղի ունեցած եզակի հանդիպումներէն էր։ Կողմերուն միջեւ պաշտօնական բանակցութիւններ չեն ընթանար: