image

Կիպրահայ մարզիկ՝ Էտմոն Այնէճեանի նոր նուաճումը

Կիպրահայ մարզիկ՝ Էտմոն Այնէճեանի նոր նուաճումը

Կիպրահայ մարզիկ եւ ԱՄՆ-ի Նորթ Տաքոթայի Համալսարանի Թենիսի խմբապէտ Էտմոնտ Այնէճեան, նշանակուած է Միացեալ Նահանգներու Առաջին Դասակարգի Summit League-ի 12 լաւագոյն մարզիկներէն մին, հանդիսանալով Նոր Տաքոթային երկրորդ մարզիկը որ կ’արժանանայ այս կոչումին:

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Կիպրոսէն։

 

 Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ 2021-ի գարնան ընթացող համալսարանական մրցումերուն, Այնէճեան յաղթանակներ գրանցած է Օքլահոմայի, Օմահայի, Իլինոյսի եւ Տենվրի համալսարաններու դէմ:

 

 

 Յաջողութիւն եւ նոր վերելքներ կը մաղթենք մեր հայրենակիցին։