Արարատ-73-ի գլխաւոր մարզիչ, ողիմպիական ախոյեան եւ մոսկովեան «Սպարտակ»ի պատմութեան լաւագոյն ռմբարկու Նիքիթա Սիմոնեանը կեանքէն հեռացած է 99 տարեկան հասակին։
Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ ֆութպոլի վեթերաններու միութեան նախագահ Ալեքսանտր Միրզոյեանը։
«Նոյեմբերի 20-ին Նիկիտա Պաւլովիչի ինքնազգացողութիւնը վատացել էր, եւ նրան հոսպիտալացրել էին։ Այսօր նա հեռացաւ կեանքից», - նշած է Միրզոյեանը։
Նիքիթա Սիմոնեանը ֆութպոլային ասպարէզի ընթացքին հիմնական հանդէս եկած է Մոսկուայի «Սպարտակ»ի կազմին մէջ եւ 162 կոլով ակումբի պատմոււթեան մէջ գլխաւոր ռմբարկուն է։
Սիմոնեանը չորս անգամ դարձած է ԽՍՀՄ ախոյեան, երկու անգամ` գաւաթակիր։ Ան 1956թ. ԽՍՀՄ-ի խումբի կազմին մէջ դարձած է Ողիմպիական ախոյեան։
Սիմոնեանը տարբեր ժամանակահատուածներուն երկուքական անգամ մարզած է «Սպարտակ»ն ու Երեւանի «Արարատ»ը, գլխաւորած է նաեւ ԽՍՀՄ-ի ազգային հաւաքականը եւ Օտեսայի «Չեռնոմորեց»ը։
«Արարատ»ը անոր գլխաւորութեամբ 1973թ. դարձած է ԽՍՀՄ ախոյեան ու գաւաթակիր։ «Սպարտակ»ն ալ առասպէլ մասնագէտի հետ ախոյանութեան տիտղոսը նուաճած է երկու, իսկ գաւաթը` չորս անգամ։