Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ըրած է իր քաղաքացիներուն խուսափելու Իրան մեկնելէ։ Համապատասխան յայտարարութիւնը հրապարակուած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին մէջ։
Նշուած է, որ Գերմանիոյ քաղաքացիները կրնան վտանգուած ըլլալ Իրանի մէջ, որ պայմանաւորուած է հնարաւոր ձերբակալութիւններու, հարցաքննութիւններու կամ նոյնիսկ տեւական ազատազրկման բարձր հաւանականութեամբ։ Ընդ որում՝ աւելի մեծ է վտանգը միաժամանակ ե՛ւ Գերմանիոյ, ե՛ւ Իրանի քաղաքացութիւն ունեցողներու համար։
Արտաքին գործոց նախարարութենէն նախազգուշացուցած են, որ ոչ վաղ անցեալին Իրանի մէջ օտարերկրեայ քաղաքացիներու կամայական ձերբակալութիւններու բազմաթիւ դէպքեր գրանցուած են։
«Եղէք շատ զգոյշ եւ խուսափեցէք լայնածաւալ ցոյցերէն ու մարդոց կուտակումներէն», -ըսուած է յայտարարութեան մէջ։