image

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»ի. Խնդրայարոյց ընտրութեան մը հետեւանքները

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»ի. Խնդրայարոյց ընտրութեան մը հետեւանքները

Վրաս­տա­նի Հոկ­տեմբեր 26-ի խոր­հրդա­րանա­կան ընտրու­թիւննե­րը յատ­կանշուեցան ընտրական խախ­տումնե­րու բազ­մա­զանու­թեամբ՝ ընտ­րա­կաշառք, բռնաճնշում, քուէա­տու­փե­րու՝ կեղծ քուէնե­րով լցում, կեղծ անձնա­թուղթե­րու գոր­ծա­ծու­թիւն։ Երե­ւոյթ մը որ հա­յու­թեան մէջ գէշ յի­շատակ­ներ կ՚արթնցնէ։ Կը յի­շեց­նէ ան­ցեալին Ռո­բերտ Քո­չարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի վար­չա­կար­գե­րու օրե­րուն Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ընտրա­կան թու­նա­ւոր, յո­ռի մթնո­լոր­տն ու յե­տընտրա­կան բա­խումներն ու ժո­ղովրդա­կան լայ­նա­ծաւալ ցոյ­ցե­րը, նոյ­նիսկ սպա­նու­թիւննե­րը 2008 Մարտ 1-ի, որոնց բա­ցայայ­տումը դեռ չէ կատարած ար­դա­րադա­տու­թիւնը։ 2018-ի թաւ­շեայ յե­ղափո­խու­թիւնը Հա­յաս­տա­նը ձեր­բա­զատեց այս վա­տահամ­բաւ փոր­ձանքնե­րէն, գո­նէ ժա­մանա­կաւո­րապէս եւ յոյ­սով՝ տե­ւակա­նօրէն, որուն հա­մար իս­կա­պէս պէտք է երախ­տա­պարտ ըլ­լալ Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցինե­րուն, որոնց շնոր­հիւ սոյն յե­ղաշրջու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ։

Վրաս­տա­ն ան­ցեալին առա­ջինն էր որ ժո­ղովրդա­վարու­թեան ճա­նապար­հը բռնեց, երբ 2004-ին նա­խագահ ընտրեց Սա­հակաշ­վի­լին։ Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովուրդին հա­մար ըն­դօ­րինա­կելի բնա­տիպ մը։ Թէեւ մար­տահրա­ւէր­նե­րը նոյ­նը չէին։ 2004-էն 2024, քսան տա­րուան ըն­թացքին պատ­մութիւ­նը յետ­դարձ կա­տարեց։ Վրաս­տան վե­րադար­ձաւ ան­ցեալին, յետ­սո­վետա­կան շրջա­նի ընտրա­կան բար­քե­րուն։ Երե­ւոյթ մը որ կրնայ իր ժխտա­կան ազ­դե­ցու­թիւնը ու­նե­նալ Հա­յաս­տա­նի մա­նուկ ժո­ղովրդա­վարու­թեան վրայ։

Վրաս­տան, ինչպէս Ուքրաինա­ն նարնջա­գոյն յե­ղափո­խու­թեան շրջանին, Ռու­սե­րու շատ սուր հա­կազ­դե­ցու­թեան են­թարկուեցաւ։ Հայաս­տա­նի պա­րագա­յին եւս Ռու­սե­րու հա­կազ­դե­ցու­թիւնը մեծ էր, որուն ծանրագոյն գի­նը 2020-ի պա­տերազ­մը հան­դի­սացաւ, Ռու­սե­րը ու­զե­ցին Հա­յաս­տա­նը ծունկի բե­րել ու­ժի մի­ջոցով։ Հա­յու­թիւնը շատ սուղ վճա­րեց իր յե­ղափո­խու­թեան գի­նը՝ պա­տերազ­մի պար­տութիւն, Ար­ցա­խի ցե­ղային մաք­րա­գոր­ծում, Ար­ցա­խի կո­րուստ եւ Հա­յաս­տա­նի ինքնիշ­խան տա­րած­քէն 250 քմ. քառակուսիի գրա­ւում Ազեր­պայճա­նի կող­մէ։ Հա­կառակ բո­լոր այս կո­րուստնե­րուն եւ նուաս­տա­ցումնե­րուն՝ Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցինե­րը չու­զե­ցին վե­րադար­ձը ան­ցեալի իշ­խա­նու­թեան, կա­շառա­կերու­թեան, կեղ­ծուած ընտրու­թիւննե­րու, եւ 2021-ի ընտրու­թիւննե­րուն դար­ձեալ իշ­խա­նու­թիւնը վստա­հեցան «Քա­ղաքա­ցիական պայ­մա­նագիր» կու­սակցու­թեան, որ ժո­ղովրդա­վար ու ար­դար ընտրու­թիւններ ապա­հովեց, Հա­յաս­տա­նին ըն­ձե­ռելով իր ապա­գան ու իր ինքնո­րոյն ու­ղին ընտրե­լու առի­թը, հա­շուի առ­նե­լով բո­լոր աշ­խարհա­քաղա­քական այն մար­տահրա­ւէր­նե­րն ու որո­գայթները որոնք առ­կայ են ներ­կայի մի­ջազ­գա­յին յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն մէջ։

Վրաս­տա­ն նախապէս տա­րա­ծաշրջա­նի միակ պե­տու­թիւնն էր որ ժո­ղովրդա­վար ու ազատ ընտ­րու­թիւններ կը կազ­մա­կեր­պէր, ինչ որ Հա­յաս­տա­նի հա­մար շատ մեծ նե­ցուկ էր։ Վրաս­տա­նի մի­ջոցով Հա­յաս­տան ելք ու­նի դէ­պի Սեւ ծով ու Եւ­րո­պա։ Վրաս­տա­նի ընտրու­թիւննե­րուն ռու­սա­մէտ «Վրա­ցական երա­զան­ք» կու­սակցու­թեան յաղ­թա­նակը Հա­յաս­տա­նի վրայ ռու­սա­կան ճնշու­մը զօ­րաց­նե­լու առիթ պիտի տայ, որ­մէ կրնայ օգ­տուիլ Ազեր­պայճան։ Այս առու­մով, Պարսկաս­տան դեռ կը մնայ ամէնէն ապա­հով դրացին, որ կը հա­կառա­կի Ազեր­պայճա­նի կող­մէ Հա­յաս­տա­նի սահ­մաննե­րու խախ­տումին, Իս­րա­յէլի հետ Պաքուի զի­նեալ դա­շին­քը զինք մե­ծապէս կը նե­ղաց­նէ։ Եւ ան­շուշտ Իրա­նի մի­ջոցով առիթ կը ստեղծուի հաղորդակցելու Հնդկաս­տա­նի, Ծո­ցի եր­կիրնե­րու եւ Չի­նաս­տա­նի հետ։ Իսկ Թուրքիոյ հետ դի­ւանա­գիտա­կան յա­րաբե­րու­թիւններ հաս­տա­տելու անհրա­ժեշտ պայ­մաննե­րը կան, սա­կայն, ազե­րական քա­րիւղն ու դրա­մագ­լուխը աւե­լի ազ­դե­ցիկ են քան հայ­կա­կան դի­ւանա­գիտա­կան յա­րաբե­րու­թիւններն ու առեւտրա­յին առա­ւելու­թիւնները։

 

Ժ.Չ.