Վրաստանի Հոկտեմբեր 26-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները յատկանշուեցան ընտրական խախտումներու բազմազանութեամբ՝ ընտրակաշառք, բռնաճնշում, քուէատուփերու՝ կեղծ քուէներով լցում, կեղծ անձնաթուղթերու գործածութիւն։ Երեւոյթ մը որ հայութեան մէջ գէշ յիշատակներ կ՚արթնցնէ։ Կը յիշեցնէ անցեալին Ռոբերտ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի վարչակարգերու օրերուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրական թունաւոր, յոռի մթնոլորտն ու յետընտրական բախումներն ու ժողովրդական լայնածաւալ ցոյցերը, նոյնիսկ սպանութիւնները 2008 Մարտ 1-ի, որոնց բացայայտումը դեռ չէ կատարած արդարադատութիւնը։ 2018-ի թաւշեայ յեղափոխութիւնը Հայաստանը ձերբազատեց այս վատահամբաւ փորձանքներէն, գոնէ ժամանակաւորապէս եւ յոյսով՝ տեւականօրէն, որուն համար իսկապէս պէտք է երախտապարտ ըլլալ Հայաստանի քաղաքացիներուն, որոնց շնորհիւ սոյն յեղաշրջումը տեղի ունեցաւ։
Վրաստան անցեալին առաջինն էր որ ժողովրդավարութեան ճանապարհը բռնեց, երբ 2004-ին նախագահ ընտրեց Սահակաշվիլին։ Հայաստանի ժողովուրդին համար ընդօրինակելի բնատիպ մը։ Թէեւ մարտահրաւէրները նոյնը չէին։ 2004-էն 2024, քսան տարուան ընթացքին պատմութիւնը յետդարձ կատարեց։ Վրաստան վերադարձաւ անցեալին, յետսովետական շրջանի ընտրական բարքերուն։ Երեւոյթ մը որ կրնայ իր ժխտական ազդեցութիւնը ունենալ Հայաստանի մանուկ ժողովրդավարութեան վրայ։
Վրաստան, ինչպէս Ուքրաինան նարնջագոյն յեղափոխութեան շրջանին, Ռուսերու շատ սուր հակազդեցութեան ենթարկուեցաւ։ Հայաստանի պարագային եւս Ռուսերու հակազդեցութիւնը մեծ էր, որուն ծանրագոյն գինը 2020-ի պատերազմը հանդիսացաւ, Ռուսերը ուզեցին Հայաստանը ծունկի բերել ուժի միջոցով։ Հայութիւնը շատ սուղ վճարեց իր յեղափոխութեան գինը՝ պատերազմի պարտութիւն, Արցախի ցեղային մաքրագործում, Արցախի կորուստ եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն 250 քմ. քառակուսիի գրաւում Ազերպայճանի կողմէ։ Հակառակ բոլոր այս կորուստներուն եւ նուաստացումներուն՝ Հայաստանի քաղաքացիները չուզեցին վերադարձը անցեալի իշխանութեան, կաշառակերութեան, կեղծուած ընտրութիւններու, եւ 2021-ի ընտրութիւններուն դարձեալ իշխանութիւնը վստահեցան «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան, որ ժողովրդավար ու արդար ընտրութիւններ ապահովեց, Հայաստանին ընձեռելով իր ապագան ու իր ինքնորոյն ուղին ընտրելու առիթը, հաշուի առնելով բոլոր աշխարհաքաղաքական այն մարտահրաւէրներն ու որոգայթները որոնք առկայ են ներկայի միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ։
Վրաստան նախապէս տարածաշրջանի միակ պետութիւնն էր որ ժողովրդավար ու ազատ ընտրութիւններ կը կազմակերպէր, ինչ որ Հայաստանի համար շատ մեծ նեցուկ էր։ Վրաստանի միջոցով Հայաստան ելք ունի դէպի Սեւ ծով ու Եւրոպա։ Վրաստանի ընտրութիւններուն ռուսամէտ «Վրացական երազանք» կուսակցութեան յաղթանակը Հայաստանի վրայ ռուսական ճնշումը զօրացնելու առիթ պիտի տայ, որմէ կրնայ օգտուիլ Ազերպայճան։ Այս առումով, Պարսկաստան դեռ կը մնայ ամէնէն ապահով դրացին, որ կը հակառակի Ազերպայճանի կողմէ Հայաստանի սահմաններու խախտումին, Իսրայէլի հետ Պաքուի զինեալ դաշինքը զինք մեծապէս կը նեղացնէ։ Եւ անշուշտ Իրանի միջոցով առիթ կը ստեղծուի հաղորդակցելու Հնդկաստանի, Ծոցի երկիրներու եւ Չինաստանի հետ։ Իսկ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու անհրաժեշտ պայմանները կան, սակայն, ազերական քարիւղն ու դրամագլուխը աւելի ազդեցիկ են քան հայկական դիւանագիտական յարաբերութիւններն ու առեւտրային առաւելութիւնները։
Ժ.Չ.