image

Ամերիկան շրջափակեց «Հորմուզ»ը

Ամերիկան շրջափակեց «Հորմուզ»ը

 

Երէկ Հորմուզի նեղուցով անցած է 34 նաւ։ Ասիկա անկասկած ամենամեծ թիւն է այս անխոհեմ փակման սկիզբէն ի վեր, գրած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը։

Աւելի ուշ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ան ըսած է․ «Մենք շրջափակած ենք, իսկ անոնք ոչինչ կ՚ընեն։ Իրան ոչինչ կ՚ընէ, եւ մենք մտադիր ենք պահպանել այդ «ստատուս քո»ն։ Ներկայիս ռազմական գործողութիւններ չեն ընթանար»,– նշած է ան։

Թրամփ նաեւ նշած է, որ պիտի չթոյլատրեն Իրանին սպառնալիքով հարկադրել աշխարհը։

«Անոնք ճիշդ այդ կ՚ընեն՝ փաստացի կը սպառնան ամբողջ աշխարհին։ Մենք թոյլ պիտի չտանք, որ այդ տեղի ունենայ»,– նշած է ան։