image

Խերսոնը ռուսական ուժերու վերահսկողութեան տակ անցաւ.ՌԴ ՊՆ

Խերսոնը ռուսական ուժերու   վերահսկողութեան տակ  անցաւ.ՌԴ ՊՆ

Ուքրանիոյ Խերսոն քաղաքը ռուսական ուժերը վերցուցած են իրենց լիակատար վերահսկողութեան տակ: Այդ մասին յայտարարած է Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

«Ռուսական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները լիովին վերահսկողութեան տակ առած են Խերսոնը: Քաղաքացիական ենթակառուցուածքները, բնակչութեան կենսապահովման կէտերը եւ քաղաքային փոխադրութիւնը կը գործեն ամէնօրեայ կարգով: Քաղաքին մէջ պարէնամթերքի եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու պակաս չկայ», ըսած է նախարարութեան ներկայացուցիչը: