image

Խաժակ Արք. Պարսամեան մասնակցեցաւ Երուսաղէմի մէջ Աւագ Շաբթուայ արարողութեանց

Խաժակ Արք. Պարսամեան մասնակցեցաւ Երուսաղէմի մէջ Աւագ Շաբթուայ արարողութեանց

Այս տարի Երուսաղէմի մէջ Ս. Յարութեան տօնը նշուեցաւ 5 Մայիսին։ Այդ առիթով 2-6 Մայիս թուականներուն, Աւագ շաբթուայ եւ Ս. Յարութեան տօնի խիստ ժամանակացոյցով արարողութիւններուն մասնակցելու համար Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ Հայրապետական պատուիրակ ու Վատիկանի մէջ Հայց. եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Խաժակ Արք. Պարսամեան Հռոմէն Երուսաղէմ ժամանեց։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Սրբազան Հայրը Աւագ Հինգշկաբթի Յակոբեանց վանքի մէջ մասնակցեցաւ նախ Ոտնլուայի հանդիսաւոր կարգին, ապա երեկոյեան եկեղեցական արարողութեան եւ թափօրով գնացքին դէպի Քրիստոսի առաջին բանտ՝ ի Հրեշտակապետաց վանք, ապա դէպի Սուրբ Ծառ եւ երկրորդ բանտ՝ ի Ս. Փրկիչ վանք։ 

Նոյն օրը երեկոյեան Ս. Յակոբ վանքի մէջ մեծ հանդիսաւորութեամբ կատարուեցաւ Խաւարման կարգ։

Աւագ Ուրբաթ կէսօրին Ս. Յակոբեանց վանքի հայ միաբանները ուղղուեցան դէպի Ս. Յարութեան տաճար, կատարելու Խաչելութեան կարգ, իսկ երեկոյեան ժամը 17ին, Ս. Յակոբ վանքի մէջ կատարուեցաւ Թաղման կարգ։ Յաջորդ օր Աւագ Շաբաթ, Ս. Յակոբեանց վանքի միաբան Ասպետ Ծ. Վրդ. Պատալեան, որ ինը տարիէ ի վեր կը կատարէ «լուսահան»ի պատուաւոր առաքելութիւնը կատարեց այս տարի եւս նոյն պաշտօնը կատարեց։ Հոգեւորականները մուտք գործեցին Ս. Գերեզմանի մատուռ, հոնկէ դուրս բերելով Յարութիւնը խորհրդանշող կենսարար կրակը ու զայն բաշխեցին ուխտաւորներուն։ Այդ կրակով նախ վառուեցաւ տաճարի մէջ հայկական Գողգոթայի կանթեղը, ապա լուսատու կրակը հանդիսաւոր թափօրով բերուեցաւ Ս. Յակոբեանց տաճար, ուր կատարուեցաւ Ճրագալոյցի կարգ եւ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։

Կիրակի առաւօտուն, եկեղեցականներու եռադարձ թափօր կատարուեցաւ Սուրբ գերեզմանի շուրջ, ապա Ս. Յարութեան տաճարին մէջ մատուցուեցաւ տօնական պատարագ։ Կէսօրէ ետք հայոց վանքի մեծ բակին մէջ կատարուեցաւ Անդաստանի կարգ։ 

Երկուշաբթի առաւօտ Ս. Յակոբ տաճարի աւագ խորանին վրայ պատարագեց եւ քարոզեց Խաժակ Արք. Պարսամեան։ 

Յիշեցնենք որ ըստ աւանդութեան, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը Ս. Զատիկը կը նշէ ուղղափառ միւս եկեղեցիներու հետ միասին՝ 1853ին Օսմանեան կայսրութեան օրով, Սուլթան Ապտիւլմէճիտի կողմէ վաւերացուած «սթաթիւ քօ» հռչակագրի համաձայն։