Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը հնարաւոր է, եթէ Երեւանը կառուցողական ներգրաւուի Ատրպէյճանի կողմէ մէկ տարի առաջ ներկայացուած նախագիծի քննարկման:
Ազատութեան հաղորդմամբ իտալական Adnkronos-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ, դեսպան Էլչին Ամիրբեկովը։
Համաձայնագրի դրական արդիւնքը «մեծապէս կախուած է Հայաստանի իշխանութիւններու անկեղծութեան մակարդակէն», յայտարարած է Ամիրբեկովը՝ Հայաստանը մեղադրելով երկակի մօտեցում ցուցաբերելու մէջ։
«Անոնք մէկ կողմէ կը խօսին խաղաղութեան համաձայնագիրը վերջնական տեսքի բերելու ցանկութեան մասին, իսկ միւս կողմէ դիւանագիտական պատերազմ կը վարեն Ատրպէյճանի դէմ։
Այդպիսով Երեւանը ոչ միայն կը շեղէ բոլոր շահագրգիռ կողմերու ուշադրութիւնը հիմնական ճանապարհէն, այլեւ գործընթացը փակուղի կը մտցնէ», -ըսած է Ամիրբեկովը՝ շեշտելով՝ Պաքուն «ոչ մէկ պայման կը դնէ» համաձայնագրի համար։
«Բայց ես կը կարծեմ, որ համաձայնութեան հասնելու համար Հայաստանը պէտք է ցոյց տայ, որ կը յարգէ նախապէս ստանձնած պարտաւորութիւնները, որ կը պահէ նախապէս տուած խոստումները», - նշած է ան։