Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը կ՚ակնկալէ, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը դեկտեմբերին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կը մասնակցի Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթնաժողովներուն, յայտնած է ТАСС-ը։
«Ես կը կարծեմ, որ (Հայաստանի ներկայացուցիչները) կու գան Ս. Փեթերսպուրկ։
Տեղի կ՚ունենայ ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական աւանդական հանդիպումը եւ կը կայանայ ԵԱՏՄ պաշտօնական հանդիպումը։ Ի դէպ, այս հանդիպման ժամանակ Ռուսիայէն ետք պիտի նախագահէ Հայաստանը, ուստի կը կարծեմ, որ Փաշինեանը կու գայ հերթափոխը Վլատիմիր Փութինէն վերցնելու»,- լրագրողներուն ըսած է Քրեմլի ներկայացուցիչը։