image

«Կ՚ենթադրենք, որ Փաշինեան յառաջիկային Մոսկուա կ՚այցելէ». Փութինի օգնական

«Կ՚ենթադրենք, որ Փաշինեան յառաջիկային Մոսկուա կ՚այցելէ». Փութինի օգնական

Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը կ՚ակնկալէ, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը դեկտեմբերին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կը մասնակցի Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթնաժողովներուն, յայտնած է ТАСС-ը։

«Ես կը կարծեմ, որ (Հայաստանի ներկայացուցիչները) կու գան Ս. Փեթերսպուրկ։

Տեղի կ՚ունենայ ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական աւանդական հանդիպումը եւ կը կայանայ ԵԱՏՄ պաշտօնական հանդիպումը։ Ի դէպ, այս հանդիպման ժամանակ Ռուսիայէն ետք պիտի նախագահէ Հայաստանը, ուստի կը կարծեմ, որ Փաշինեանը կու գայ հերթափոխը Վլատիմիր Փութինէն վերցնելու»,- լրագրողներուն ըսած է Քրեմլի ներկայացուցիչը։