Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թունուզի Ճերպա քաղաքին մէջ կայացող Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան 18-րդ գագաթնաժողովի ծիրէն ներս հանդիպում ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի հետ:
Զրուցակիցներն անդրադարձած են 2022-ի հոկտեմբերին Փրակի մէջ կայացած Հայաստանի վարչապետի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահի, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի ու Ատրպէյճանի նախագահներու հետ քառակողմ հանդիպման արդիւնքներուն: Ընդգծուած է Փրակի յայտարարութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման կարեւորութիւնն ու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման ուղղուած քայլերու իրականացումը:
Վարչապետը շեշտած է ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքներու վերացման, ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու անյապաղ դուրսբերման անհրաժեշտութիւնը:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Շառլ Միշել միտքեր փոխանակած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական միութիւն հետագայ համագործակցութեան զարգացման շուրջ: