image

Կայ իրականութիւն եւ կայ մետիա-ֆոն․ Օվերչուքը՝ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու մասին

Կայ իրականութիւն եւ կայ մետիա-ֆոն․ Օվերչուքը՝ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու մասին

Կայ իրականութիւն ու կայ մամուլով ներկայացուող, յաճախ՝ բացասական ֆոն։ Լոռի մարզին մէջ պատասխանելով «Sputnik Արմենիա»ի թղթակիցի հարցին` այս մասին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք։

Նշենք, որ Օվերչուք 14 սեպտեմբերին, Լոռի մարզին մէջ ծանօթացած է մայիսեան ջրհեղեղի հետեւանքով վնասուած երկաթուղիի վերականգնման աշխատանքներու արդիւնքներուն։

Ռուսիոյ փոխվարչապետը շեշտած է, որ այն, ինչ այսօր, օրինակ, բոլորը տեսան, իրական կատարուած աշխատանքն էր։

«Մենք ունինք երկու երկիրներու միջեւ ապրանքաշրջանառութեան իրական աճ, որ կը խօսի մեր երկու երկիրներու տնտեսական կապերու ամրապնդման մասին, կայ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչի իրական աշխատանքը։ Պէտք է տարբերակել՝ ինչ կը կատարուի իրական աշխարհին մէջ եւ ինչ կը մատուցուի մեդիայի օրակարգով, որ յաճախ չի համապատասխաներ իրականութեան»,- ըսած է Օվերչուք։

Նշենք, որ 13 սեպտեմբերին, ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք Երեւանի մէջ պայմանաւորուած են տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի նոր նիստի մասին, որ կը կայանայ Ռուսիոյ մէջ: