image

Կայ հարկ՝ կայ պետութիւն, չկայ հարկ՝ չկայ պետութիւն. վաչապետ

Կայ հարկ՝ կայ պետութիւն, չկայ հարկ՝ չկայ պետութիւն. վաչապետ

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հարկերու վճարման մշակոյթը որակած է որպէս պետութեան եւ հանրային բարեկեցութեան հիմք։ Ազգային Ժողովի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին՝ «ՀՀ 2024 թուականի պետական պիւտճէի կատարման մասին» տարեկան հաշուետւութեան նախնական քննարկման ժամանակ ան շեշտած է հարկերու վճարման կարեւորութիւնը երկրի կայունութեան եւ զարգացման տեսանկիւնէ։

«Հարկ վճարելու նկատմամբ մեր վերաբերմունքը պէտք է փոխուի։ Ֆունդամենտալ ձեւով պէտք է փոխուի, որովհետեւ կայ հարկ՝ կայ պետութիւն, չկայ հարկ՝ չկայ պետութիւն։ Կայ հարկ՝ կայ բարեկեցութիւն, չկայ հարկ՝ չկայ բարեկեցութիւն, կայ հարկ՝ կայ երջանկութիւն, չկայ հարկ՝ չկայ երջանկութիւն, կայ հարկ՝ կայ ազատութիւն, չկայ հարկ՝ չկայ ազատութիւն, կայ հարկ՝ կայ անվտանգութիւն, չկայ հարկ՝ չկայ անվտանգութիւն։ Այս թուարկումը ժամերով կարող ենք շարունակել»,-նշած է վարչապետը։

Անոր խօսքով՝ բազմաթիւ խնդիրներ՝ անվտանգութեան բացակայութենէն մինչեւ ընկերային կարիքներ, կ՚առաջանան այն պատճառով, որ անհրաժեշտ հարկերը չեն հաւաքագրուիր, կամ վերաբերմունքը հարկ վճարելու նկատմամբ դեռ ձևաեւորւած չէ որպէս համաժողովրդական արժէք։

«Այն, ինչ որ չկայ, չկայ, չկայ... Ինչի՞ պատճառով է, որ չկայ։ Հարկ չլինելու պատճառով է, որ չկայ։ Աշխատանք չլինելու պատճառով է, որ չկայ։ Հարկ վճարելու նկատմամբ վերաբերմունքի պատճառով է, որ չկայ»,-ընդգծած է Փաշինեանը։