image

Պէտք է ստեղծուի անկախ Պաղեստին պետութիւն. Փութին

Պէտք է ստեղծուի անկախ Պաղեստին պետութիւն. Փութին

Մերձաւոր Արեւելքը լայնամաշտապ պատերազմի շեմին է. նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը՝ ելոյթ ունենալով Քազանի մէջ «Պրիքս+/աութռիչ» գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս։

«Կազայի հատուածին մէջ մարտերու ընթացքին արդէն զոհուած է աւելի քան 40,000 մարդ, որոնց մեծ մասը խաղաղ բնակիչներ են»,-ըսած է Ռուսիոյ ղեկավարը։

Ան աւելցուցած է, որ Կազայի մէջ սկսած ռազմական գործողութիւնները տարածուած են նաեւ Լիբանանի մէջ, «կտրուկ բարձրացած է Իրան-Իսրայէլ հակամարտութեան ջերմաստիճանը»:

«Այս ամէնը կը յիշեցնէ շղթայական հակազդեցութիւն եւ Մերձաւոր Արեւելքը կը դնէ լայնամաշտապ պատերազմի շեմին», -ըսած է ան:

Փութինն ընդգծած է, որ իսրայէլապաղեստինեան հակամարտութեան լուծումը պէտք է ըլլայ անկախ Պաղեստին պետութեան ստեղծմամբ, որ խաղաղ կը գոյակցի Իսրայէլի հետ:

«Պաղեստինցի ժողովուրդի նկատմամբ պատմական անարդարութեան վերացումը կրնայ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան երաշխիք դառնալ: Քանի դեռ այս հարցը լուծուած չէ, բռնութեան արատաւոր շղթան հնարաւոր չըլլար քանդել»,-ըսած է Ռուսիոյ նախագահը: