Իրանը թշնամի կը համարէ որեւէ պետութիւն, որ իր օդային տարածքը կը տրամադրէ Իսրայէլին, յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին։
«Մեր հրթիռներու աւելի քան 90%-ը հասած են իրենց թիրախներուն եւ չեն կալանուած։ Մենք արդէն ըսած ենք այլ երկիրներու ներկայացուցիչներուն, որ թշնամի կը համարենք իւրաքանչիւրին, որ իր օդային տարածքը կը տրամադրէ Իսրայէլին։ Բայց յոյս ունիմ, որ ոչ ոք նման թոյլտւութիւն կու տայ»,-ըսած է Արաքչին:
Իրանը հոկտեմբեր 1-ի երեկոյեան հրթիռակոծած է Իսրայէլը: Ընդհանուր առմամբ, աւելի քան 180 հրթիռ արձակուած է Իսրայէլի տարածք։ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն Իրանի հրթիռային զանգուածային յարձակումն իր երկրի վրայ որակած է «մեծ սխալ» եւ ըսած, որ «Թեհրանը պիտի վճարէ ատոր համար»: