image

«Մէկ զանգով». ինչպէ՞ս կը վարուէր Ռոպերթ Քոչարեանը 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ

«Մէկ զանգով». ինչպէ՞ս կը վարուէր Ռոպերթ Քոչարեանը 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ

Հայաստանի երկրորդ նախագահ եւ «Հայաստան» դաշինքի վարչապետի թեկնածու Ռոպերթ Քոչարեանը, մայիս 29-ին Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերին՝ Պետրոս Ղազարեանին տուած հարցազրոյցին, խօսելով 44-օրեայ պատերազմի մասին, յայտարարած է, որ եթէ ինք ըլլար նախագահ, 44-օրեայ պատերազմը չէր սկսէր։ Ըստ անոր՝ Հայաստանի գործող իշխանութիւնը ամէն ինչ ըրած է, որ պատերազմը սկսի՝ տապալելով բանակցային գործընթացը եւ հրահրելով Ատրպէյճանը։

Անդրադառնալով մայիս 28-ին կազմակերպուած զինուորական շքերթին՝ ան նշած է, որ իշխանութիւնները բանակը կը գործածեն բացառաբար քարոզչական նպատակներով։

Պատասխանելով հարցին, թէ ինչու ՀԱՊԿ-ը չմիջամտեց պատերազմին, Քոչարեան ըսած է. «Երկկողմ օգնութեան մասին, որքանով ես գիտեմ, համապատասխան ընթացակարգերը չեն կիրառուած։ Ես այդ հարցը մէկ զանգով կը լուծէի»։ Ան նաեւ խորհուրդ տուած է չմխրճուիլ խոշոր պետութիւններու բախումներուն մէջ, այլ համագործակցութիւն փնտռել անոնց հետ։

Ան նշած է, որ ԵԱՏՄ-ին եւ ԵՄ-ին անդամակցելու ձգտումները անհամատեղելի են, եւ Ռուսիոյ նման գերտէրութեան հետ կարելի չէ երկիմաստ լեզուով խօսիլ։